Բժշկագիտական. Վիրաբուժութեան Ատեն «Անհպելի» Արհեստագիտութեան Կիրարկումը` Փորձարկման Մէջ
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Յունիսի կէսերուն բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներ վիրաբուժութեան ատեն փորձարկած են պատկերասփիւռի խաղերու մէջ յաճախ գործածուող «անհպելի» կոչուած խաղին արհեստագիտութիւնը` շատ զգայուն ու բարդ վիրաբուժութիւն մը կատարելու համար: Նման համակարգի մը օգտագործումը առիթ կ՛ընձեռէ, որպէսզի վիրաբուժներ կարենան իրենց ձայնով ու ձեռքի շարժումներով ձեւափոխել ու շարժել համակարգիչի պաստառին վրայ պարզուող պատկերները` առանց դպչելու համակարգիչի մուկին ու ստեղներուն:
Մասնագէտները նշած են, թէ «անհպելի» արհեստագիտութեան միջոցով կրնան աւելի լաւ ձեւով իրենց հակակշիռին տակ պահել վիրաբուժութիւնը:
Թէեւ նման արհեստագիտութեան մը որդեգրումը մօտաւորապէս տասը տարուան կը կարօտի, բայց եւ այնպէս ցարդ անկէ ձեռք ձգուած արդիւնքները բաւական խոստմնալից եղած են:
Ծանօթ է արդէն, որ վիրաբուժութեան ատեն մասնագէտներ հետզհետէ սկսած են որդեգրել համակարգիչի կապուած ներադիտակի միջոցով ձեռք ձգուած եռածաւալ պատկերներու օգտագործման ձեւը` բարդ ու զգայուն վիրաբուժութիւններ կատարելու համար: Այսուհանդերձ, անոնք համակարգիչի պաստառին վրայ կրնան տեսնել վիրաբուժութեան ենթարկուող հիւանդին մարմնին մանրամասնութիւնները եւ եռածաւալ պատկերներու միջոցով կրնան հասնիլ իրենց ուզած անկիւնին ու դարձուածքին եւ, ըստ այնմ կատարել վիրաբուժութիւնը:
Սակայն նման մանրամասնութիւններ ձեռք ձգելու համար մասնագէտները պէտք է գործածեն համակարգիչին մուկն ու ստեղները, ինչ որ կրնայ բարձրացնել վիրաբուժութեան ենթարկուող հիւանդին վնասակար մանրէներէ վարակուելու վտանգին տարողութիւնը:
Սրտի Մայր Շնչերակի Յաջող Պատուաստում
Իսկ եթէ անոնք համակարգիչին հետ առնչուած աշխատանքը վստահին իրենց պաշտօնակիցին, ապա այն ատեն ճշգրիտ պատկերը ձեռք ձգելը կրնայ ժամանակ խլել, ինչ որ ժխտական անդրադարձ կ՛ունենայ վիրաբուժութեան գործընթացին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի վիրաբուժութեան ատեն «անհպելի» արհեստագիտութեան կիրարկման, ապա մասնագէտները կրցած են համակարգիչին պաստառին վրայ պարզուած եռածաւալ պատկերները իրենց ուզած ձեւով շարժել եւ ձեւափոխել` առանց գործածելու համակարգիչին ստեղներն ու մուկը` պարզապէս բերանացի հրահանգներ տալով, ինչպէս նաեւ օդին մէջ ձեռքի յատուկ շարժումներ ընելով:
Նման արհեստագիտութեան մը սկզբնական փորձարկումը կատարուած է Լոնտոնի Սուրբ Թոմաս հիւանդանոցին մէջ, սրտանօթային վիրաբուժութեան մը ընթացքին: Նշեալ վիրաբուժութիւնը կատարող մասնագէտ Թոմ Քարել յաջողած է հիւանդին սրտին վնասուած մայր շնչերակին պատուաստումը կատարել` ձեռքի շարժումներով համակարգիչին պաստառին վրայ պարզուող պատկերները մօտեցնելով ու հեռացնելով, ինչպէս նաեւ զանոնք տարբեր ուղղութիւններով դարձնելով:
Ան կրցած է նաեւ ամրափակել իր ընտրած պատկերը եւ անոր շուրջ նշաններ տեղադրել` պատուաստումը ճշգրիտ կերպով կատարելու համար:
Մասնագէտ Քարել ըսած է, թէ վիրաբուժութեան մէջ նման արհեստագիտութեան մը օգտագործումը անկախ կը դարձնէ վիրաբուժութիւնը կատարող մասնագէտը, ինչպէս նաեւ կը խնայէ ժամանակը:
Օգտագործուած աղբիւր՝ «Պի. Պի. Սի.»

