ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՊՈՒԼԶ ԵՒՍ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ՓԼԷՅ-ՕՖԻ Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ:
Շիքակօ Պուլզ 116-89 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ եւ 4-1 արդիւնքով յառաջանալէ ետք Ինտիանա Փէյսըրզի վրայ, իր կարգին ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը: Առաջին տոմսը ապահոված էր Պոսթըն Սելթիքս:
Պուլզի այս իրագործումը նկատուեցաւ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անիկա վերջին անգամ 1998-ին էր, որ հասած էր Բ. հանգրուան: Անոր յաջորդ հանգրուանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Օրլանտօ Մեճիք- Աթլանթա Հոքս մրցումին յաղթականը: Մեճիք երէկ 3-2 արդիւնքով յառաջացաւ Հոքսի վրայ` 101-76 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:
Փէյսըրզի դէմ տեղի ունեցած երէկուան մրցումին, Տերիք Ռոզ (Պուլզ) նշանակեց 25 կէտ, իսկ մրցակից կազմին մարզիկներէն Տենի Կրենկըր` 20 կէտ:
Տիտղոսակիր Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 3-2 արդիւնքով յառաջացաւ Նիւ Օրլինզի վրայ` 106-90 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք: Քոպի Պրայընթ բաւականացաւ նշանակելով 19 կէտ` ի նպաստ Լէյքըրզի:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները).
Մայեմի Հիթ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ (3-1)
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ (1-3)
Օքլահոմա Սիթի – Տենվըր Նակեթց (3-1)