ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՇԻՐԱԿ – ՄԻՔԱ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ` ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 11 ՄԱՅԻՍԻՆ

Երէկ, Երեւանի Հրազդան մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի 2-րդ մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Ուլիս եւ Շիրակ: Երթին Ուլիս 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:

Մրցումին 30-րդ վայրկեանին Յովհաննէս Գրիգորեան նշանակեց Շիրակի եւ մրցումին առաջին կոլը:

Մրցումը երկարաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ չյստակացաւ աւարտական հասնող խումբին անունը: Երկարաձգման ընթացքին Մկրտիչ Նալբանդեան նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին երկրորդ կոլը (99-րդ), որուն շնորհիւ Շիրակ հասաւ աւարտական հանգրուան, ուր 11 մայիսին պիտի մրցի Միքայի դէմ:

Նշենք, որ Շիրակ վերջին անգամ աւարտական հանգրուան հասած էր 12 տարի առաջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES