Հայաստանեան Լրատուամիջոցներու Փինկ Փոնկի Մրցաշարք. «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»` Ախոյեանութեան Գլխաւոր Հովանաւորը
Կազմակերպութեամբ «Առաւօտ» օրաթերթին, նախորդ շաբաթավերջին «Հայաստան» մարզական միութեան Սպարտակ մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայաստանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն, տղոց եւ աղջկանց փինկ փոնկի անհատական 5-րդ ախոյեանութիւնը:
Անոնք բոլորը հաւաքուած էին մէկ յարկի տակ` յանուն առողջ մարզական ոգիի եւ արդար մրցակցութեան:
Աւանդական դարձած այս ախոյեանութեան մասնակցեցան 12 լրատուամիջոցներու 30 աշխատակիցներ (18 տղաք եւ 12 աղջիկներ):
Այս ախոյեանութեան գլխաւոր հովանաւորը` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութիւնը, տղոց եւ աղջկանց առաջին երեք դիրքերը գրաւողներուն տրամադրեց վերջին նորոյթի բջիջային հեռաձայններ:
Նշեն, որ այս տարի հովանաւոր ընկերութիւններէն մէկը դարձաւ նաեւ «Քոքա-Քոլան»-ն:
Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարներն էին միջազգային կարգի իրաւարարներ Ֆելիքս Սարգսեան եւ Գոհար Խանզրատեան:
Ստորեւ` մրցաշարքին տիտղոսակիրները.
ՏՂԱՔ.- 1.- Արսէն Թամազեան («Հ1»), 2.- Էդուարդ Քալանթարեան («Հ1») եւ 3.- Սամուէլ Ջինանեան («Երկիր Մետիա»):
ԱՂՋԻԿՆԵՐ.- 1.- Մարինէ Կարապետեան («Երկիր Մետիա»), 2.- Բիայանա Ստեփանեան («Երկիր Մետիա») եւ 3.- Վերոնիքա Ստեփանեան («Էքս-Սփոր-ամ»):

