Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքայի 5-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Սեն Ժոզեֆ – Սատաքա մրցումէն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սատաքա աւելիով ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ արձանագրեց իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը Սեն Ժոզեֆի դաշտին վրայ` 3-1 արդիւնքով յաղթելով դաշտին տիրոջ:

Մինչ իրաքցի Մարուան Զորօ հեթրիք մը իրագործեց, միւս կողմէ անոր խմբակիցը` բերդապահ Սարգիս Էսքիճեան բազմաթիւ առիթներով յաջողեցաւ կասեցնել Սեն Ժոզեֆի մարզիկներուն ուժգին հարուածները:

Նշենք, որ մրցումին իրաւարարներն էին Ֆետի Գալաճեան եւ Ռիմ Շամի:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սատաքա այժմ ունի 15 կէտ:

Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պրուս Քաֆէ, որ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Թրիփոլիի Ֆայհա խումբին դէմ, ունի 10 կէտ: Իսկ Սեն Ժոզեֆ (երրորդ) ունի 9 կէտ:

Նշենք, որ վաղը եւ միւս օր տեղի պիտի ունենան 4-րդ հանգրուանի յետաձգուած մրցումները` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 7 ՆՈՅԵՄԲԵՐ            ԺԱՄ  ԴԱՇՏ

Էյ. Եու. Էս. Թի. – Ժամհուր           18:00 Էմիլ Լահուտ
Սեն Ժոզեֆ – Պրուս Քաֆէ        18:30 Սեն Ժոզեֆ
Էյ. Եու. Ի. Թի. – Հատաֆ       19:30 Էմիլ Լահուտ
Սատաքա – Ներքին ապահովութեան ուժեր 19:00       Սատաքա

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 8 ՆՈՅԵՄԲԵՐ

Օլ Սփորթց – Հալուսիէ                 19:30 Էմիլ Լահուտ

Share this Article
CATEGORIES