«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա, Մանչեսթըր Եունայթըտ, Փորթօ Եւ Մալակա` Բ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը Ապահովելու Սեմին
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը արդէն իսկ կտրած է իր կէս հանգրուանը` նկատի ունենալով, որ ութ խմբակներուն մաս կազմող 16 խումբերը կատարած են երեքական մրցում:
Չորս խումբեր` Պարսելոնա, Մանչեսթըր Եունայթըտ, Փորթօ եւ Մալակա, որոնք արձանագրած են երեքական յաղթանակ, չորրորդը արձանագրելու պարագային պիտի ապահովեն 1-16-րդ հանգրուանի իրենց տոմսերը` առանց սպասելու վերջին երկու մրցումներուն արդիւնքներուն:
Բ. հանգրուան հասնելու ուղղութեամբ կարեւոր քայլեր կրնան առնել նաեւ Շալքէ, Պորուսիա Տորթմունտ եւ Շախտիոր Տոնեցք, բնականաբար յաղթելու պարագային, մինչ Չելսի, Մանչեսթըր Սիթի եւ Եուվենթուս կը գտնուին բաւական մեծ ճնշումի տակ:
Սիթիի երազները ամբողջութեամբ կը չքանան մրցաշարքը շարունակելու առումով, եթէ անիկա այսօր իր դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրէ Այաքս Ամսթերտամէն:
Պորուսիա Տորթմունտ, որ այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Ռէալ Մատրիտի, պիտի փորձէ լաւ արդիւնք արձանագրել:
Հիւր կազմի խմբապետ Սեպասթիան Քեհըլ, որ նախորդ շաբաթավերջին Շթութկարթի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Պունտըսլիկա) կոտրեց իր քիթը, շատ հաւանաբար իր դէմքը կիսով ծածկած դիմակով մը դաշտ ներկայանայ:
Ստորեւ կու տանք տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Ա. ԽՄԲԱԿ
Տինամօ Քիեւ – Փորթօ 21:45
Փարիզ Ս. Ժ. – Տինամօ Զաղրեպ 21:45
Բ. ԽՄԲԱԿ
Օլիմփիաքոս – Մոնփելիէ 21:45
Շալքէ – Արսենալ 21:45
Գ. ԽՄԲԱԿ
Ա. Սէ. Միլան – Մալակա 21:45
Անտըրլեխթ – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 21:45
Դ. ԽՄԲԱԿ
Մանչեսթըր Սիթի – Այաքս Ամսթերտամ 21:45
Ռէալ Մատրիտ – Պորուսիա Տորթմունտ 21:45
ՎԱՂԸ
Ե. ԽՄԲԱԿ
Չելսի – Շախտիոր Տոնեցք 21:45
Եուվենթուս – Նորտսժայելանտ 21:45
Զ. ԽՄԲԱԿ
Պայէրն Միւնիխ – Լիլ 21:45
Վալենսիա – ՊԱԹԷ Պորիսով 21:45
Է. ԽՄԲԱԿ
Պենֆիքա – Սպարտակ Մոսկուա 21:45
Սելթիք – Պարսելոնա 21:45
Ը. ԽՄԲԱԿ
Պրակա – Մանչեսթըր Եունայթըտ 21:45
Քլիւժ – Կալաթասարայ 21:45

