Փինկ Փոնկ. Անթուան Շուէյրիի Անուան Ա. Մրցաշարք. Րաֆֆի Մումջողլեան Տիրացաւ 50 Տարեկանէն Վեր Դասակարգի Տիտղոսին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի 2012-ի վեթերաններու մրցաշարք մը, նուիրուած` Անթուան Շուէյրիի յիշատակին: Այս առաջին մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 108 խաղացողներ:
ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի անցեալի ախոյեան Րաֆֆի Մումջողլեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ակումբներու տոմարներու վրայ չստորագրած 50 տարեկանէն վեր մարզիկներու մրցաշարքին, տիրացաւ տիտղոսին` աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Խաչիկ Կէօքեզեանի:
Ինչ կը վերաբերի 40-49 տարեկան դասակարգին, տիտղոսին տիրացաւ Սարգիս Օհաննէսեան, որ աւարտականին յաղթեց Միշել Մհաննայի (3-0):
Ինչ կը վերաբերի ակումբներու տոմարներու վրայ ստորագրած 50 տարեկանէն վեր եւ 40-49 տարեկան մարզիկներու մրցումներուն, անոնց յաջորդաբար տիրացան Մարուան Պըզրի եւ Իզզէտտին Ժիպէյլի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, ձեռամբ` Լիբանանի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլայի եւ Ֆրանսախօս երկիրներու ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Տը Շատարեւեանի:



