ՀՄԸՄ- ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 11 Նոյեմբերին` Ճատրակի Մրցաշարք
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպած է ԼԵՎԱՄ-ի ճատրակի մրցաշարքը` գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի ճատրակի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի Ճատրակի ֆետերասիոնին: Անիկա տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 11 նոյեմբեր 2012-ին, «ՀՄԸՄ-Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 1:00-էն սկսեալ:
Աշակերտները պարտին ներկայ ըլլալ առաւելագոյնը կէսօրուան ժամը 12:15-ին` մասնակցութեան ստուգման եւ վիճակաձգութեան համար:
(ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ)
CATEGORIES Մարզական

