ՆԱԶԻԿ ԱՒՏԱԼԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ԿՐՆԱՅ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻԼ ՎԻՐԱԲՈՒԺՈՒԹԵԱՆ
Աշխարհի եւ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեան Նազիկ Աւտալեան, որ նախանցեալ օր ինքնաշարժի արկած մը ունենալով փոխադրուեցաւ Էրեբունի բժշկական կեդրոն, շատ հաւանաբար այսօր վիրաբուժութեան ենթարկուի:
Այդ արկածին պատճառով անոր երկու կողոսկրները կոտրուեցան: Բացի ատկէ, անոր ողնաշարի ոսկորներէն մէկը շատ գէշ վնասուածք կրեց:
Բժիշկները ըսին, որ վիրաբուժութենէն ետք միայն կը յստականայ, թէ ան արդեօք կրնա՞յ իր ելոյթները շարունակել, թէ՞ ստիպուած պիտի ըլլայ լքել իր արհեստավարժ ասպարէզը:
CATEGORIES Մարզական


