Հայկական Օդանաւերու Վրայ Յարձակումները Անթոյլատրելի Են. Դեսպան Հեֆըրն

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն յայտնած է. «Հայկական քաղաքացիական օդանաւերու վրայ յարձակումները անթոյլատրելի են»: Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղէն դէպի հոն թռչող օդանաւերը գրոհելու մասին Ազրպէյճանէն հնչող սպառնալիքներուն` ամերիկացի դիւանագէտը այսպէս յայտարարած է լրագրողներուն. «Համագործակցային անվտանգութեան ամրապնդումը. ՕԹԱՆ-ի Նոր գործընկերային քաղաքականութեան յաւելեալ ներդրում» խորագրեալ սեմինարին ընթացքին, որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի շաբթուան ծիրին մէջ:

Ըստ «Փան Արմինիըն»-ի, «Իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրի ներկայացուցիչ` ես այս հարցին վերաբերեալ կ՛առաջնորդուիմ անոր (ԵԱՀԿ ՄԽ) յայտարարութիւններով», ըսած է Հեֆըրն` աւելցնելով, որ կողմերը «պէտք է ձեռնպահ մնան սադրանքներէ», իսկ որեւէ յարձակում օդանաւի մը վրայ` անթոյլատրելի է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ իր կարգին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կողմերուն կոչ ուղղած է` Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանի վերաբացման հարցին մէջ դիւանագիտական լուծում գտնելու` համապատասխան միջազգային համաձայնագիրներու, միջազգային իրաւունքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ քաղաքային թռիչքներու վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող սովորութեան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Նուլընտ նաեւ նշած է, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը այդ մասին յայտարարութիւններ հրապարակած է: «Յայտարարութիւններէն մէկը կատարուած է 2011-ի ապրիլին, երկրորդը` 2012-ի յուլիսին. վերջինին մէջ ներկայացուած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ դիրքորոշումը, եւ կողմերուն կոչ ուղղուած է` խնդիրը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու», ըսած է  նախարարութեան բանբերը` յիշեցնելով, որ այդ յայտարարութիւններուն մէջ իրենք նշած են, թէ այդ օդակայանի գործունէութիւնը չի կրնար օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի փոփոխութեան համար:

Մինչ այդ, հոկտեմբեր 30-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար, գնդապետ Էլտար Սապիրօղլու վստահեցուցած է, թէ Ազրպէյճանի ուժերը իրենց տրամադրութեան տակ ունին այնպիսի ռատարներ, որոնք ոչ միայն կրնան լաւապէս պաշտպանել երկիրը, այլ` «քանի մը վայրկեանէն» հարուածել հայկական որեւէ կարեւոր դիրք, այսպիսով` «կասկածի տակ դնելով Հայաստանի ճակատագիրը»:

Սապիրօղլու աւելցուցած է, թէ Հայաստանի զինուած ուժերու «յարձակողապաշտ քայլերուն կանխումը` մեր առջեւ դրուած հիմնական խնդիրներէն մէկն է», եւ աւելցուցած է, թէ «պահը հեռու չէ եւ կը կարծեմ, թէ յառաջիկային մենք ականատեսը պիտի ըլլանք մեր հողերու ազատագրմանը»:

Սապիրօղլու նաեւ դրուատած է վերջերս Ազրպէյճանի մէջ իրականացուած «բանակաշինութեան ուղղութեամբ մեծ աշխատանքը», որուն շնորհիւ` երկիրը այժմ ունի արդիական սպառազինութիւն, «որով կրնան հարուածել հակառակորդ կողմի որեւէ նշանակէտ»:

Ըստ անոր` Ազրպէյճանի զինուորական ուժերը արդէն իսկ ՕԹԱՆ-ի չափանիշներուն հասած են ու կապեր ունին 53 երկիրներու զինուորական ուժերուն հետ:

Իր կարգին, «Ազրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցիչը չի տիրապետում ռազմական տարրական գիտելիքների, այլապէս կը գիտակցէր, որ իր ասածները ռազմական գործի հետ ոչ մի աղերս ունեն», նշեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան` «Փանորամա»-ի հարցումին պատասխանելով:

«Անլուրջ յայտարարութիւն է. ի՞նչ է նշանակում խոցող ռատար, կամ` հարցականի տակ կը դնի Հայաստան պետութեան ճակատագիրը: Ամբողջ աշխարհում գոյութիւն չունի այնպիսի ռատար, որը թէ՛ հրթիռ է վնասազերծում, թէ՛ պատասխան հարուած հասցնում», ընդգծեց Ա. Յովհաննիսեան:

Share this Article
CATEGORIES