Ֆրանս 2 Հեռուստատեսութեամբ Նախիջեւանի Հայկական Խաչքարերու Ոչնչացման Վերաբերեալ Ժապաւէն Ցուցադրուած Է
Ֆրանսական հեղինակաւոր Ֆրանս 2 հեռուստաընկերութեամբ նոյեմբեր 1-ին «Քրէթիէն Օրիանթօ» (արեւելեան քրիստոնեաներ) հաղորդաշարին ընթացքին եթեր հեռարձակած է հայկական խաչքարի, արուեստի եւ աւանդոյթի մասին այս տարի նկարահանուած կէս ժամանոց ժապաւէն: Ժապաւէնը կը կոչուի «Հայկական խաչքարեր. հայ ժողովուրդի հոգին եւ հոգեւորութիւնը», կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
Շարժանկարին մէջ արտացոլուած են հայ ժողովուրդի խաչքարագործութեան հին եւ հարուստ արուեստի աւանդոյթները, խաչքարերու էութիւնը եւ անոնց նշանակութիւնը հայ քրիստոնեայի համար: Նկարահանման իրենց մասնագիտական բացատրութիւններով աջակցած են նաեւ ֆրանսացի հեղինակաւոր գիտնականներ, պատմաբաններ եւ արուեստագէտներ: Ժապաւէնին մէջ նաեւ դրուագներ կան խաչքարի պահպանման ուղղուած կոչով` Նախիջեւանի մէջ Պաքուի կողմէ հայկական խաչքարերու եւ գերեզմանոցներու աւերման եւ ոչնչացման վերաբերեալ: Ժապաւէնը հնարաւոր պիտի ըլլայ դիտել Ֆրանս 2 հեռուստաընկերութեան համացանցային կայքէն:
Ֆրանս 2 հեռուստանընկերութեան կողմէ 2012-ի ամրան Հայաստանի մէջ նկարահանուած ժապաւէններէն դեկտեմբեր 30-ին Փարիզի ժամանակով 9:30-ին պիտի ցուցադրուի մէկ այլ ժապաւէն` «Հայ եկեղեցւոյ արմատները եւ պատմութիւնը սկզբնական դարերուն» վերնագիրով ժապաւէնը: Ժապաւէնը ծրագրուած են Թոմա Վալիւի եւ Միշէլ Կարիէի կողմէ:

