«Թուրքիա Սուրիոյ Հարցին Մէջ Մեծ Բախտախաղ Կը Խաղայ»

Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ կիրարկած խիստ քաղաքականութիւնը, որ հիմնուած է ապստամբ ուժերու կողմը բռնելու նախընտրութեան վրայ, գրաւած է ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը եւ այս քաղաքականութիւնը կը նկատուի նաեւ Ռուսիոյ դէմ ելլելու ձգտում մը, քանի որ Թուրքիա բնաւ չվարանեցաւ Մոսկուայէն ճամբայ ելած սուրիական օդանաւը վայրէջքի հրաւիրելու: Օտար բազմաթիւ շրջանակներու կարծիքն այն է, որ Ռուսիոյ նախագահ Փութին Մոսկուայէն ճամբայ ելած օդանաւի մը պարտադիր էջքն ու խուզարկուիլը պիտի նկատէ Ռուսիոյ դէմ ուղղուած մարտահրաւէր մը:

Այս նիւթի շուրջ կարեւոր մեկնաբանութիւն մը հրատարակած է «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, որ դիտել կու տայ, թէ Սուրիոյ նախագահ Ասատին դէմ ըլլալը ուրիշ բան է. Վլատիմիր Փութինին հետ կռիւի բռնուիլը` ուրիշ բան: Մոսկուայէն ճամբայ ելած օդանաւը բռնի ուժով վայրէջք ընելու ստիպել եւ այս կերպով ամբողջ աշխարհի առջեւ Ռուսիան ցոյց տալ որպէս երկիր մը, որ զէնք կը ղրկէ Սուրիա, ասիկա կրնայ դառնալ այն ամենամեծ բախտախաղը, զոր վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան խաղացած է մինչեւ այսօր: Այս շրջանին, երբ Թուրքիա աւելի քան երբեք պէտք ունի զօրակիցներու, Թուրքիոյ համար վնասակար ու վտանգաւոր քայլ է հարուածել Ռուսիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ իր դիմացը առնել Ռուսիան, որ շատ դիւրութեամբ ջղայնացող երկիր մըն է: Աւելի քան տարիէ մը ի վեր երկու երկիրներն ալ ջանացած էին, որ Սուրիոյ տագնապը վնաս չհասցնէ Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւններուն, քանի որ Թուրքիա պէտք ունէր բնական կազի, իսկ Ռուսիան ալ կը շահագրգռուէր խողովակաշարի հարցով: Բայց այս անգամ Թուրքիա բաւական վտանգաւոր հարուած մը հասցուց ռուս-թուրք յարաբերութիւններուն: Ազգային ապահովութեան աշխատանքի մասնագէտ փրոֆ. Նիքոլա Կվոստեւ այն կարծիքը պաշտպանեց, թէ օդանաւին այս կերպով վայրէջք ընել տալը Փութինի կողմէ պիտի ընդունուի որպէս մարտահրաւէր մը:

Share this Article
CATEGORIES