Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Գրող Աստղիկ Գէորգեան Պարգեւատրուած Է
Երեւանի
Քաղաքապետութեան Ոսկիէ Մետալով

Բազմամեայ բեղմնաւոր գործունէութեան, մեծ վաստակին, Երեւանի աւագանիի աշխատանքներուն աշխուժ մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ ծննդեան տարեդարձին առիթով, գրող, լրագրող, Հանրային խորհուրդի անդամ, Լրագրողներու միութեան նախագահ, Երեւանի աւագանիի անդամ Աստղիկ Գէորգեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին որոշումով, պարգեւատրուած է Երեւանի քաղաքապետութեան ոսկիէ մետալով:

Ըստ Երեւանի քաղաքապետութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան, աւագանիի հերթական նիստի ընթացքին յոբելեարին յանձնելով պատուաւոր պարգեւը` Տարօն Մարգարեան շնորհաւորած է անոր տարեդարձը` մաղթելով քաջառողջութիւն, աշխատանքային եւ ստեղծագործական մեծ եռանդ եւ աշխուժ մասնակցութիւն Երեւանի աւագանիի աշխատանքներուն մէջ` ի շահ մեր սիրելի մայրաքաղաքին եւ անոր բնակչութեան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով շնորհաւորական խօսքերուն եւ գնահատանքին համար` Աստղիկ Գէորգեան վստահեցուցած է, որ այսուհետեւ իր ուժերուն ներածին չափ պիտի գործէ` յանուն Երեւանի գեղեցկութեան եւ յարմարաւէտութեան, ինչպէս նաեւ երեւանցիի բարեկեցութեան եւ բարօրութեան:

Այս առիթով «Ազդակ» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Աստղիկ Գէորգեանը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ լրագրութեան ասպարէզին մէջ:

«Սուրիահայերու Հարցերը Համակարգող Կեդրոն»
Հասարակական
Կազմակերպութեան Շնորհահանդէս

Հոկտեմբեր 26-ին Առնօ Բաբաջանեանի անուան  համերգասրահին մէջ կայացաւ «Սուրիահայերու հարցերը համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան շնորհահանդէսը:

Սուրիահայ նուիրեալներու նախաձեռնութեամբ հոկտեմբեր 15-ին կեանքի կոչուեցաւ «Սուրիահայերու հարցերը համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, միջազգային եւ համահայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, պաշտօնատար անձեր, սուրիահայեր:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան սիրով եւ ջերմութեամբ ողջունեց մայր հայրենիքի մէջ հաստատուած սուրիահայերը եւ յայտնեց, որ` «Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի քաղաքական կամքով եւ  դիրքորոշումով է, որ Հայաստանի մէջ բոլոր պետական կառավարման մարմինները այսօր պարտաւոր եւ պատրաստ են լուծելու ձեր ունեցած բոլոր հարցերը եւ դժուարութիւնները, որպէսզի հայրենիքի մէջ դուք ձեզ զգաք այնպէս, ինչպէս կը զգաք ձեր սեփական տունը: Այսօր Սուրիոյ մէջ մեր հայրենակիցները տագնապի մէջ են: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ հայոց պետութիւնը կանգնած են Հայաստանի մէջ ապրող եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող մեր հայրենակիցներուն կողքին: Մենք պիտի կատարենք մեր կարելին` թեթեւցնելու համար ձեր մտահոգութիւնները»:

Խօսքին աւարտին նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՅԴ կուսակցութեան «Օգնէ՛ եղբօրդ» հետաքրքրական ծրագրին, ՀԲԸՄ-ին, ՀՄԸՄ-ին եւ սուրիահայերուն աջակցող բոլոր կազմակերպութիւններուն: Ապա բեմ հրաւիրուեցան նորաստեղծ կառոյցի ղեկավարներ` Լենա Հալլաճեան, Վազգէն Յակոբեան, Նորա Փիլիպոսեան:

Այնուհետեւ ձեռնարկին մասնակցողները ունկնդրեցին Երեւանի «Կիլիկեան» վարժարանի սաներուն, սուրիահայ երիտասարդներուն,  Հալէպի «Կոմիտաս» լարային նուագախումբին եւ  Հայաստանի վաստակաւոր երգչուհի Նունէ Եսայեանին ելոյթները:

Տեղեկացնենք, որ կազմակերպութեան նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը` նուիրելով գրասենեակի համար անհրաժեշտ բազմաթիւ առարկաներ, ինչպէս նաեւ` համակարգիչի եւ համացանցի պէտքեր:

Հասարակական կազմակերպութեան նիւթական աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ «Հայռուսկազարդ» ընկերութիւնը:

Յիշենք, որ ներկաները կարելիութիւն ունեցան ծանօթանալու նաեւ  սուրիահայ լուսանկարիչներու ստեղծագործութիւններուն ցուցադրութեան:

Լրագրողները Կը Ծանօթանան Լեռնային Ղարաբաղի
Պաշտպանութեան
Բանակի Առօրեային

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի հարաւարեւելեան կողմը տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ կատարուած ծանօթացման շրջագայութենէ ետք, հայաստանցի մօտաւորապէս երեք տասնեակ լրագրողներ հանդիպում ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Մովսէս Յակոբեանին հետ: Այս մասին տեղեկացուցած են Պաշտպանութեան բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքէն:

Հանդիպումին ընթացքին բանակին հրամանատարը նախ լրագրողներուն ներկայացուցած է Արցախի զինուած ուժերուն գործունէութեան ընդհանուր պատկերը, այնուհետեւ պատասխանած է զանոնք հետաքրքրող հարցումներուն: Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւած հարց եւ պատասխանին ընթացքին արծարծուած են բանակի կազմութեան տարբեր ոլորտներուն վերաբերող նիւթեր, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական ընթացիկ զարգացումներուն առնչուող հարցեր: Բաւական ջերմ եւ անկեղծ մթնոլորտի մէջ ծաւալած ասուլիսին ընթացքին լրագրողները կարելիութիւն ունեցած են զօրամասի եւ սահմանագիծ տուած իրենց այցելութենէն ձեռք բերած տպաւորութիւնները ամրապնդելու` Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարին կողմէ իւրաքանչիւր հարցումի տրուած սպառիչ պատասխաններով:

«Հայ Բարերարներու Ճեմուղի»-ն Հանդիսաւորապէս
Բացուեցաւ
Օղակաձեւ Զբօսայգիին Մէջ

«Հայ բարերարներու ճեմուղի»-ին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 20-ին, Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ, Միքայէլ Նալբանդեանի արձանին յարող տարածքին վրայ:

Հաղորդենք, որ հայ մեծ բարերարներու` Պօղոս Նուպարի, Ալեքսանդր Մանթաշեանի, Ալեք Մանուկեանի, Գալուստ Կիւլպէնկեանի, Միքայէլ Արամեանցի, Յովհաննէս Լազարեանի յուշակոթողներու եւ բարերարութեան հաւաքական կերպարը խորհրդանշող յուշակոթողի տեղադրումը  իրականացուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ:

Մարդկային առաքինութիւններէն մէկն ալ բարեգործութիւնն է` դժուարութեան մէջ գտնուողին, տնանկին, թշուառին, հիւանդին կարեկից ըլլալը եւ ձեռք երկարելն է: Քրիստոնէական  հաւատքի սիւները ամուր պահողը Աստուածաշունչի ոսկիէ կանոնն է` «Ինչ որ կը ցանկաս, որ մարդիկ քեզի համար կատարեն, նոյնը պէտք է դուն իրենց ընես»:

Անուանի շատ մը հայ բարեգործներ դարերու ընթացքին, ժամանակի հոլովոյթին մէջ սրբագործեցին իրենց անունները` բարեգործութեամբ ծառայեցին հարազատ ժողովուրդին եւ հայրենիքին, որուն գնահատականը նոյն այդ ժողովուրդին կողմէ սիրոյ եւ երախտագիտութեան դրսեւորումն է` «Բարերարներու ճեմուղի»-ին հիմնադրութեամբ:

«Բարերարներու ճեմուղի»-ի բացումը կատարուեցաւ հայ նշանաւոր բարերարներու կիսանդրիներու, քանդակներու եւ յուշատախտակներու ցուցադրութեամբ: Տօնական բարձր տրամադրութեամբ համակուած քաղաքացիները  ողջունեցին Հայաստանի  սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պերճ Սեդրակեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ուղերձը կարդաց Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան, ելոյթ ունեցաւ նաեւ յուշակոթողի հեղինակ, ճարտարապետ Ֆերտինանտ Առաքելեան:

Հանդիսաւոր եւ յիշարժան արարողութենէն ետք գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ դասական երգերու մեկնաբան՝ Գէորգ Հաճեան։ Ապա բոլոր ներկաները շրջեցան ճեմուղիին մէջ, յուշաքանդակ-կիսանդրիներու մօտ կանգ առնելով` ծանօթացան  հայ բարերարներու համառօտ կենսագրութիւնը եւ գործունէութիւնը ներկայացնող ցուցավահանակներու բովանդակութեան, որմէ ետք զբօսայգիին մէջ թեւածեց հայրենասիրական երգը եւ պարը:

Հայ նշանաւոր բարերարներու գործունէութիւնը որակող բոլոր բառերը եւ բարձր գնահատականները ուղերձ էին ժամանակակիցներուն` ապրելու եւ արարելու բարին, նաեւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնել իրենց հայրենակիցներուն` «գանձեր դիզելով երկնքի մէջ», քանզի` «Ուր ձեր  գանձերն  են, այնտեղ ձեր  սրտերը պիտի ըլլան»:

Կենդանիներու Դիմակահանդէս–Շքերթ Կենսուրախ
Ձեռնարկը
` Ուղղուած Բնապահպանական Հարցերու
Իրազեկման

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ արդէն 3-րդ անգամ ըլլալով Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը իր գլխաւոր գործընկերոջ` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին հետ իրականացուցին Կենդանիներու դիմակահանդէս-շքերթ ձեռնարկը:

Ձեռնարկին նպատակն էր բարձրաձայնել անասուններու իրաւունքները, մասնաւորաբար Հայաստանի այն անասուններուն, որոնք կը գտնուին անհետացման եզրին: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը հետեւողական մօտեցում կը դրսեւորէ այնպիսի հարցերու լուծման, ինչպէս` Հայաստանի կենսաբազմազանութեան պաշտպանութեան եւ պահպանման: Երիտասարդութեան ուղղուած բնապահպանական իրազեկման քարոզարշաւները շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան ուղղուած առաւել արդիւնաւէտ միջոցներէն են: Այդ տրամաբանութեան արդիւնքն է նաեւ Հայաստանի մէջ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան հիմնադրամին կազմակերպած ձեռնարկներու իրականացման աջակցելու «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի պատրաստակամութիւնը:

Ձեռնարկին մասնակցելու նպատակով Գերմանիոյ Պրեմեն քաղաքէն Երեւան եկած է Քոնֆուսաօ քառնաւալային խումբը: Այս տարի դիմակահանդէս-շքերթին մասնակցեցան հարիւրաւոր դպրոցականներ` Երեւանէն եւ Հայաստանի տարբեր մարզերէն եւս:

Յայտնենք, որ երթը սկսաւ Ազատութեան հրապարակէն եւ շարունակուեցաւ Հիւսիսային պողոտայով մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ: Տօնական ձեռնարկը շարունակուեցաւ Կենդանաբանական այգիին մէջ, ուր մասնակիցները վայելեցին պրեմենեան երաժիշտներու կենսուրախ նուագահանդէսը:

Երեւանի Մէջ` Ոսկերչական Մեծ Ցուցահանդէս

«Արմէնիա-Մարիոթ» պանդոկին մէջ 29 հոկտեմբերին բացումը կատարուած է ոսկերչական իրերու միջազգային ցուցահանդէսին` կազմակերպութեամբ Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան (AJA): Ցուցահանդէսի կայացումը կը համընկնի Հայ ոսկերիչի ազգային օրուան` հոկտեմբեր 28-ին եւ միութեան ստեղծման 15-ամեակին:

Ցուցահանդէսին բացման արարողութեան մասնակցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նշենք, որ ցուցահանդէսին մասնակցած էին 60-է աւելի ոսկերիչներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ` Ռուսիայէն, Թայլանտէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Լիբանանէն, Հոնկ Քոնկէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն եւ այլ երկիրներէ:

Ցուցահանդէսին իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերած են նաեւ հայաստանցի ոսկերիչները: Այս առիթով Երեւան եկած են ոսկերիչներ` Թուրքիայէն:

Ըստ Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան ղեկավար Գագիկ Գէորգեանի, Հայաստանի մէջ ոսկերչութիւնը զարգացման մեծ կարողականութիւն ունի եւ արդէն կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ տարի այս բնագաւառին մէջ նոր աշխատատեղեր բացուին: Անոր համաձայն, հայ ոսկերիչներուն վարպետութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է, սակայն տակաւին  բարելաւելու կարիքը կայ: «Շատերը կը ցանկան Հայաստանի մէջ գործ հիմնել: Ես ընկերներ ունիմ Հնդկաստանէն, որոնք պատրաստ են Հայաստան գալու, բայց զայն իրականացնելու համար պէտք է յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծուին», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնած է Գ. Գէորգեան: Ան յատկապէս կարեւոր նկատած է ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծումը եւ շէնքային պայմաններու ապահովումը:

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Ընդունած Է «Մարմարա»
Օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր Ռոպեր Հատտեճեանը

Հոկտեմբերի 24-ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է պոլսահայ գրող, հրապարակախօս, «Մարմարա» քաղաքական, հասարակական օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, բազմաթիւ մրցանակներու, վերջինը  2011 թուականին` Ս. «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին արժանացած` Ռոպեր Հատտեճեանը:

Մեծապէս գնահատելով վաստակաշատ խմբագրապետին աւելի քան չորս տասնամեակ սփիւռքի ամէնէն հին համայնքներէն մէկուն` Պոլսոյ մէջ օրաթերթ պահելուն եւ նորանոր բարձունքներու հասցնելուն ջանքերը` նախարարը նշած է, որ միայն նման անհատականութիւններու շնորհիւ է, որ համայնքը կ՛ապրի եւ կը պահպանէ իր հայեցի դիմագիծը:

Շնորհաւորելով Ռ. Հատտեճեանի լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի ընթացքին սփիւռքեան լրատուամիջոցներու մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր մրցանակին արժանանալուն առիթով` Հ. Յակոբեան ընդգծած է, որ «Մարմարա»-ն հիմնադրութեան օրէն իր վրայ  վերցուցած է համայնքին մայրենի լեզուի եւ հայ մշակոյթի պահպանման դժուարին գործը:

1967-էն Ռ. Հատտեճեան ամբողջութեամբ կը ստանձնէ օրաթերթը ղեկավարելու պատասխանատուութիւնը եւ աննախադէպ բարձունքներու կը հասցնէ Պոլսոյ հայ գրական կեանքի կազմակերպումը եւ զարգացումը: Ան օրաթերթին միջոցով հայրենիքի եւ սփիւռքի այլ համայնքներու մէջ հասանելի կը դարձնէ գործը:

«Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրման առաջին իսկ օրերէն «Մարմարա»-ն մեր կողքին էր, ամենայն հոգատարութեամբ կ՛անդրադառնար նախարարութեան կողմէ իրականացուող բոլոր հայանպաստ ծրագիրներուն», հաղորդած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարը: Ան աւելցուցած է` ըսելով, որ` «Մենք շատ կը սիրենք ձեզ եւ պատրաստ ենք աջակցելու` ձեր գործունէութեան ընթացքին յառաջացած բոլոր դժուարութիւններուն փարատումին»:

Ռ. Հատտեճեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարին` իր ջերմ ընդունելութեան եւ համայնքին հանդէպ ունեցած մշտառկայ հոգատարութեան համար:

Այցելութիւն Սօս Եւ Կողբ Գիւղերուն Դպրոցները
Եւ
Հաշմանդամութեան Կեդրոն

Տաւուշի մարզի միջազգային հայրենակցական միաւորման նախագահ, նաեւ Տաւուշի մարզի գործարարներու միութեան նախագահ Սերգէյ Բարսեղեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ եւ Տաւուշի մարզի միջազգային հայրենակցական միաւորման խորհուրդի անդամ Լեւոն Անանեան հոկտեմբեր 21-ին այցելեցին Տաւուշի մարզի ՍՕՍ մանկական գիւղի (մանկատուն)  եւ Կողբ գիւղի դպրոցները եւ հաշմանդամներու կեդրոն: Մանկատան, դպրոցներու եւ հաշմանդամներու կեդրոնին մէջ Սերգէյ Բարսեղեան եւ Լեւոն Անանեան հանդիպեցան կառոյցներու ղեկավարներուն եւ փոքրիկներուն  հետ եւ ծանօթացան անոնց դժուարութիւններուն:

Հայրենակցական միութեան ղեկավարները միաժամանակ կազմակերպած էին բարեգործական աշխատանք վերոնշեալ կառոյցներու փոքրիկներուն, Կողբ գիւղի նիւթապէս անապահով ընտանիքներուն եւ գիւղի գրադարանին համար: Բարեգործական աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ Ամքոր կազմակերպութիւնը եւ Հայաստանի ազգային գրադարանը:

Աւելցնենք, որ Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան եւս հայրենակցական միաւորման խորհուրդի անդամ է:

Share this Article
CATEGORIES