«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. «Ազդակ»` Բ. Աշխարհամարտի Տարիներուն. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսին Օծումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, թուղթի տագնապի պատճառով «Ազդակ» լոյս կը տեսնէր փոքր ծաւալով, երկու էջով եւ շաբաթը երեք կամ չորս թիւ: 29 սեպտեմբեր 1943-ի թիւով եւ «Բացատրութիւն. ինչո՞ւ «Ազդակ» անկանոն կը հրատարակուի» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Ինչո՞ւ Պէյրութի հայերէն օրաթերթը փոքր ծաւալով կը հրատարակուի, մինչ արաբերէն եւ ֆրանսերէն բոլոր օրաթերթերն ալ կը պահեն իրենց նախկին ծաւալը:
Ինչու «Ազդակ» շաբաթը 3-4 անգամ լոյս կը տեսնէ, մինչ հայերէն միւս օրաթերթերը կանոնաւոր կերպով շաբաթը 5 անգամ կը հրատարակուին:
Ահա հարցումներ, որոնք շարունակ կը կրկնուին ընթերցողներու կողմէ եւ գոհացում չեն գտներ: Յուսալով, որ գոհացուցիչ դրութիւն մը պիտի ստեղծուի եւ մեր դիմումները արդիւնաւոր պիտի ըլլան, աշխատեցանք համոզել հետաքրքրուողները թէ ժամանակաւոր է այդ կարգադրութիւնը եւ ի մօտոյ պիտի փոխուի:
Ներկայիս երբ հարկադրուած ենք աւելի մեծ սեղմումներ ընելու եւ կրճատելու մեր թիւը, պարտաւորութիւն կը զգանք լուսաբանելու մեր ընթերցողները եւ ցոյց տալու այդ անկանոնութեանց պատճառները, որոնք դժբախտաբար անտանելի դրութեան մը մատնած են հայ թերթերը եւ մասնաւորաբար «Ազդակ»-ը, որ ինչպէս ամէն լիբանանցի հայ եւ բազմաթիւ տեղացիներ ու պաշտօնական անձնաւորութիւններ գիտեն, ամէնէն հին եւ տարածուն հայ թերթն է:
Ոչ ոքի անծանօթ է այլեւս թէ հայ թերթերու ներկայ փոքր ծաւալին պատճառը թուղթի տագնապն է: Պատերազմի սկիզբէն ի վեր թերթերու թուղթը կը մատակարարուի պարենաւորման սպասարկութեան կողմէ, զեղչուած գինով: Սեւ շուկայէն թուղթ գտնել կամ գնել գրեթէ անկարելի դարձած է: Նախ տասնապատիկ սուղ է ու յետոյ անգտանելի: Սկիզբը, երբ դեռ կարելի էր դուրսէն թուղթ գտնել, կարծեցինք թէ պարենաւորման սպասարկութեան մթերանոցներուն մէջ գտնուող թուղթին քանակը աւելնալուն պէս պիտի աւելցուի նաեւ հայ թերթերու տրամադրուած թուղթին քանակը: Հակառակ մեր բոլոր դիմումներուն սակայն, ոչ միայն չաւելցաւ մեզի յատկացուած քանակը, այլ հետզհետէ կտրատուելով իջաւ այսօրուան ողբալի քանակին` շաբաթական 30 կամ 35 քիլոյի: Որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել մեր հրատարակութիւնը, փոքրցուցինք ծաւալը: Դադրեցուցինք արտասահման ղրկուած թերթերը եւ վերջ տուինք հատավաճառութեան Սուրիոյ ու Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ:
Հայ թերթերուն համար բացառաբար տնօրինուած այս կարգադրութիւնը, ինչպէս ըսինք, կը մնայ անբացատրելի: Հայ թերթերը որեւէ հաստատութենէ կամ ընկերութենէ ծանուցումներ ալ չեն ստանար` իրենց պիւտճէները հաւասարակշռելու համար: Օտար մեծ ընկերութեանց տարեկան յատկացումներէն կ՛օգտուին միայն ֆրանսերէն եւ արաբերէն թերթերը:
Հայ ժողովուրդը Միջին Արեւելքի, մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ կարեւոր դիրք եւ թիւ ունի ու միշտ հաւատարիմ մնացած է իր պարտականութեանց եւ պարտաւորութիւններուն: Ֆրանսայի եւ դաշնակիցներուն հանդէպ գործնապէս ցոյց տուած է անվերապահ համակրանք ու հաւատարմութիւն: Եւ Սուրիայէն մինչեւ Ամերիկա իր հազարաւոր զաւակները ղրկած է ռազմաճակատներ` սատարելու համար վերջնական յաղթանակին: 300,000-է աւելի թիւ ունեցող հայկական պատկառելի բանակ մը ռուսական ճակատին վրայ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր հերոսական սքանչելի պատմութիւն մը կերտած է, մահացու հարուածներ հասցնելով թշնամիին: Այս երկիրներու վերաշինութեան եւ բարգաւաճումի աշխատանքներուն բերած է իր գնահատելի օժանդակութիւնը: Արդ, արդար է պահանջել եւ սպասել, որ հայ թերթերու հանդէպ որդեգրուած ուղղութիւնը փոխուի եւ անոնք ալ արժանանան մեր միւս պաշտօնակիցներու վայելած առաւելութեանց եւ առանձնաշնորհումներու:
Հայ թերթերու հանդէպ տնօրինուած ուրիշ մէկ կարգադրութենէն մեծապէս տուժած է եւ կը տուժէ մեր թերթը: Անհասկնալի որոշումով մը գրեթէ նոյն քանակութեամբ թուղթ կը տրուի հայերէն օրաթերթերուն. մինչդեռ արաբերէն կամ ֆրանսերէն օրաթերթերը կը ստանան իրենց սպառումին ու կարեւորութեան համեմատ: Ընթերցողներուն զարմանք պատճառած պիտի ըլլանք յայտնելով, թէ «Ազդակ» շաբաթական կը ստանայ այնքան թուղթ, որքան կը ստանան միւս հայ թերթերը: Ամէն մարդ գիտէ, թէ «Ազդակ» Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն հին եւ ամէնէն տարածուն թերթն է:
Ահա թէ ինչո՞ւ «Ազդակ» շաբաթը 3 կամ 4 անգամ կը հրատարակուի, իսկ միւս հայ թերթերը 5 անգամ: Բնական է այս դրութիւնը, որ տնտեսապէս ալ քանդած է մեր թերթը, չի կրնար շարունակուիլ: Վստահ ենք, որ վերջապէս հայ մամուլին իր արժանի տեղը պիտի տրուի եւ պիտի դարմանուի մասնաւորաբար մեր թերթին ենթարկուած վիճակը»:
***
Սահակ Բ. կաթողիկոս վախճանեցաւ 1939 նոյեմբերին. իրմէ առաջ, 1936-ին վախճանած էր Բաբգէն Աթոռակից կաթողիկոս: Կաթողիկոսական ընդհանուր փոխանորդ Պետրոս արքեպիսկոպոս Սարաճեան 1940 յունիս 2-ին յաջորդեց Սահակ Բ.ի. ան առաջին կաթողիկոսն էր, որ ընտրուեցաւ եւ օծուեցաւ Անթիլիասի մէջ, բայց վախճանեցաւ նոյն տարուան` 1940-ի հոկտեմբեր 2-ին: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի պայմաններուն տակ, նոր կաթողիկոսի ընտրութիւնը կարելի եղաւ միայն 1943-ին: Միացեալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Գարեգին արքեպիսկոպոս Յովսէփեանց կաթողիկոս օծուեցաւ երկու տարի ետք, 1940 ապրիլին:
10 ապրիլ 1945-ի թիւով եւ «Վեհափառի փառաշուք օծումը» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Երէկ` կիրակի Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ ազգընտիր կաթողիկոս Գարեգին արքեպս. Յովսէփեանի օծման եւ գահակալութեան արարողութիւնը: Նմանը չտեսնուած բազմութիւն մը, որ 10-15,000-ի կը հասնէր, լեցուցած էր կաթողիկոսարանի ամբողջ շրջափակը: Պէյրութի եւ արուարձաններու հայկական բոլոր շրջաններէն արշալոյսէն սկսած հայ հաւատացեալներու խումբեր կ՛ուղղուէին դէպի Անթիլիաս, կանուխէն տեղ գրաւելու մտահոգութեամբ:
Ժամը 8:00-ին արդէն կաթողիկոսարանի շուրջ գտնուող պարտէզները, Ժառանգաւորացի եւ վեհարանի տանիքները, տաճարին յարակից հողերը կը յորդէին երկսեռ եւ ամէն տարիքէ բաղկացած ծովածաւալ բազմութեամբ: Հակառակ այս աննախընթաց խճողումին, պէտք է ուրախութեամբ յիշատակել, որ որեւէ անախորժ անկարգութիւն տեղի չունեցաւ եւ ժողովուրդը սրբազան արարողութեանց հետեւեցաւ կատարեալ երկիւղածութեամբ եւ ջերմ հաւատքով: Կարգապահութեան կը հսկէին հայ մարզական միութիւններու սկաուտներն ու երիտասարդները, ինչպէս նաեւ ոստիկան-զօրաց ջոկատ մը:
Ժամը 8:30-ին տաճարին դռները բացուեցան եւ նախ հրաւիրատոմս ունեցողները, ապա ամբողջ ժողովուրդը ներս մտան: Տիրող անհամբերութիւնը պահ մը աղմուկ եւ խճողում ստեղծեց թէեւ, բայց շուտով տաճարէն ներս թէ դուրս ժողովուրդը վերագտաւ իր լրջութիւնը: Եկեղեցիին մէջ, բացի պաշտօնական հրաւիրեալներուն յատկացուած աթոռներէն, մնացեալ բոլոր նստարանները վերցուած էին, որպէսզի որքան կարելի է մեծ բազմութիւն տեղաւորուի: Սակայն ինչ կարգադրութիւն ալ ըլլար, եկեղեցիին պատերը նեղ պիտի գային` պարփակելու համար այդ հսկայ բազմութիւնը, որ լեցուցած էր կաթողիկոսարանի ամբողջ շրջափակը եւ արարողութեանց կը հետեւէր բարձրախօսներու միջոցաւ:
Հետզհետէ հասան Լիբանանի ներքին նախարար Վետի պէյ Նայիմ, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահը, Ճորճ պէյ Զուէյն, որ կը ներկայացնէր խորհրդարանի նախագահութիւնը, Էմիր պէյ Շեհապ, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի վարչապետութիւնը, պարենաւորման նախարար տոքթ. Ճեմիլ Թալհուք: Արտաքին նախարար Հանրի պէյ Ֆարաոն անձնապէս իր շնորհաւորութիւնները յայտնելէ վերջ, ներողութիւն խնդրեց, որ հարկադրուած է մեկնելու` ընդունելու համար թուրք արտաքին նախարարը: Կրօնական բոլոր համայնքները` մարոնի, յոյն-օրթոտոքս, յոյն-կաթոլիկ, հայ կաթոլիկ, հայ բողոքական եւ հրեայ, կը մասնակցէին հանդիսութեանց իրենց ներկայացուցիչներով: Դեսպանական կազմին յատկացուած աթոռներուն վրայ կը տեսնուէին Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, Խ. Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ եւ այլ պետութեանց դեսպանները: Ներկայ էին նոյնպէս միւֆթիին կողմէ իր որդին, ոստիկան զօրաց հրամանատարը, արաբ մամուլի ընկերակցութեան նախագահ Նսուլի եւ վարչականները, «Նահար» թերթի խմբագրապետ նախկին կրթական նախարար Ժըպրան Թուէյնի, ինչպէս նաեւ ֆրանսական, արաբական եւ հայ մամուլի ներկայացուցիչներ: Բացի Պէյրութի երկու հայ երեսփոխաններ Մ. Տէր Գալուստեանէն եւ Հ. Շամլեանէն, ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ հայ երեսփոխաններէն Սալաթեան եւ Եագուպեան:
Հալէպէն, Դամասկոսէն, Թրիփոլիէն եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի զանազան շրջաններէն մասնաւոր պատուիրակութիւններ եկած էին: Բազմամարդ պատուիրակութիւն մը եկած էր նաեւ Եգիպտոսէն: Եգիպտահայ համագումարի որոշումով Եգիպտոսի ազգային իշխանութիւնները կը ներկայացնէին Մելքի Գըլըճեան եւ Սեֆերեան:
Աւելորդ պիտի ըլլար անշուշտ մէկիկ մէկիկ թուել, սակայն յիշենք, թէ տեղւոյս հայ բոլոր ազգային մարմինները, կուսակցութիւնները եւ միութիւնները ներկայացուած էին:
Ժամը 2:30-ին տաճարի զանգակները սկսան ղօղանջել եւ դպիրներու, քահանաներու, վարդապետներու եւ 6 եպիսկոպոսներու առաջնորդութեամբ եւ կաթողիկոսական ամպհովանիին տակ հրաշափառով տաճար մտաւ վեհափառը: Խանդավառութեան եւ յուզումի ալիք մը բարձրացաւ բոլոր հոգիներէն ներս: Ս. պատարագի արարողութեանց ընթացքին կատարուեցաւ օծումը: Վեց եպիսկոպոսներ` գեր. Խադ, Արտաւազդ, Տոհմունի, Զաւէն պատրիարք, Մամբրէ Սիրունեան (Եգիպտոսի առաջնորդ) եւ Ռուբէն Մանասեան (Իրաք) շրջապատեցին ծնկաչոք գահակալը եւ ըստ մեր եկեղեցիի հինաւուրց աւանդութեանց, օծեցին անոր ճակատը սուրբ միւռոնով եւ կատարեցին փոխանցումը Ս. առաքեալներէն ժառանգուած հայրապետական աւանդին: Այնուհետեւ շղարշով մը ծածկուեցաւ վեհափառին դէմքը, մինչեւ արարողութեանց վերջը:
Արարողութեանց վերջաւորութեան մօտ վեհափառը կարդաց գահակալական իր առաջին քարոզը, գոհունակութիւն յայտնելով որ շնորհիւ դաշնակից պետութեանց մեր երկու հայրենիքները մէկ կողմէ Հայաստան եւ միւս կողմէ Լիբանան ու Սուրիա ազատ մնացին պատերազմի արհաւիրքներէն: Վեհափառը Աստուծմէ խնդրեց որ իրեն կարողութիւն տայ մեծ հայրապետներու շաւիղէն ընթանալու եւ Աստուծոյ դատաստանին առջեւ կարենալ ըսելու. «Տէր, ըրինք այն ինչ որ պէտք է ընէինք»:
Կէսօրուան մօտ արարողութիւնները վերջ գտան եւ պաշտօնական հրաւիրեալները առաջնորդուեցան վեհարան: Եկեղեցական թափօրն ալ խաչերով ու խաչվառներով ուղղուեցաւ դէպի վահարան, մինչ ջերմեռանդ ժողովուրդը կը համբուրէր իր օծեալ կաթողիկոսին շուրջառին փէշերը։ Վեհարանի սանդուխներուն վրայ հայրապետը կանգ առաւ եւ օրհնեց իր հօտը, որ խելայեղ ծափերով կ՛արտայայտէր իր ուրախութիւնը:
Պաշտօնական անձնաւորութիւններն ու կրօնական համայնքներու պետերը շնորհաւորեցին վեհափառը եւ հիւրասիրուեցան շամբանիայով: Վեհափառը բաժակաճառ մը խօսելով օրհնեց գեղեցիկ Լիբանանի եւ Սուրիոյ զոյգ ժողովուրդներն ու կառավարութիւնները եւ արեւշատութիւն մաղթեց ն.վ. նախագահներ Քուաթլիի եւ Պըշարա Խուրիի, խմելով անոնց կենացը: Շնորհակալութիւն յայտնեց պետական եւ եկեղեցական այն ներկայացուցիչներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ մեծարեցին օծման եւ գահակալութեան արարողութիւնը:
Ներքին նախարար Վէտի Նայիմ պատասխանելով շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան հանդէպ ցոյց տրուած համակրանքին համար:
Ժառանգաւորացի սաները երգեցին «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիան»: Վեհափառը այս երգէն զգացուած խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Դուք երգեցիք «ցանկամ տեսնել»ը, անշուշտ ձեզմէ շատեր կը փափաքին իրենց ծննդավայրը տեսնել: Սակայն ատիկա քաղաքական խնդիր մըն է եւ կապուած է միջազգային խնդիրներու, այդ մեր ձեռքը չէ. բայց մեր ձեռքն է ստեղծել հոգեկան Կիլիկիա` այսինքն մեր եկեղեցին, մեր լեզուն, մեր գեղարուեստը եւ ընդհանրապէս մեր մշակոյթը: Ասիկա կարելի է անխտիր բոլոր զաւակներուս համերաշխ գործակցութեամբ: Երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու համար վէճեր պատճառ պէտք չէ ըլլան հայ ժողովուրդին զաւակները իրարմէ բաժնելու»:
Այնուհետեւ ժողովուրդը խումբերով վեհարան բարձրացաւ համբուրելու համար վեհափառի Ս. աջը:
Օծման կնքահայրը եղաւ պ. Ապրօ Ապրոյեան նուիրելով 3000 լ. ոսկի, իսկ եգիպտահայ պ. Սարեան յանձն առաւ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ պահել շարունակ սան մը, քանի գոյութիւն ունի այս հաստատութիւնը:
Ժողովուրդին մեծ մասը Անթիլիասի պարտէզները ցրուելով, մինչեւ իրիկուն մեր հին վանքերու ուխտագնացութիւնները յիշեցնող պահեր ապրեցան»:





