50 Տարի Առաջ (7 Նոյեմբեր 1962)
Խմբագրական
Քուպայի Տագնապը Եւ
Խրուշչեւի Դժուարութիւնները
Քուպայի տագնապին հանդէպ Քրեմլինի բռնած դիրքը եւ վարչապետ Խրուշչեւի առաջարկած լուծումը անկասկած որ իր անդրադարձը պիտի ունենայ համայնավար ճակատի երկիրներուն մէջ, ուր խրուշչեւեան քաղաքականութիւնը ջերմ համակիրներ եւ թունդ հակառակորդներ ունի:
Անշուշտ կարելի չէ յստակ գաղափար մը կազմել այն վիճաբանութեանց մասին, որոնք տեղի ունեցան համայնավար ղեկավարներու միջեւ` Քուպայի հարցին առթիւ, Խրուշչեւի յեղակարծ տեղատուութենէն յետոյ: Բայց կարգ մը նշաններ ցոյց կու տան, թէ Քուպայի հրթիռակայանները քանդելու խորհրդային հրահանգը խորապէս ցնցած է համայնավար պլոքի երկիրները, որոնք վարժուած էին Քրեմլինի տիրոջ փքուռոյց յայտարարութիւններուն:
Թէեւ առանց փողի ու թմբուկի, բայց գրեթէ տրամաթիք պայմաններու ներքեւ, Արեւելեան Եւրոպայի արբանեակ երկիրներու բոլոր ղեկավարները անցեալ շաբաթ գացին Մոսկուա` ոմանք իրենց զարմանքը յայտնելու, ուրիշներ Խրուշչեւի բացատրութիւնները լսելու, մաս մըն ալ, ինչպէս Կոմուլքա, զօրավիգ կանգնելու խրուշչեւեան քաղաքականութեան:
Համայնավար պետերու մոսկովեան այս տողանցքը թէեւ անցաւ անշշուկ, բայց քաղաքական դիտողները անոր մէջ տեսան Քուպայի ցնցումէն ետք համայնավար ճակատի միասնականութիւնը կերտելու ճիգ մը:
Բայց այս միասնականութիւնը հեռու է գոհացուցիչ ըլլալէ: Ընդհակառակն, այդ մարզին մէջ Խրուշչեւ հետզհետէ աւելի մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպի:
Տարբեր եզրակացութեան կարելի չէ յանգիլ` կարդալէ ետք «Փրաւտա»-ի վերջին յօդուածը, ուր յստակ կոչ կ՛ըլլայ ընկերվարական ճակատի միութեան պահպանման համար:
Այս կոչը տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը կը հրատարակուի այն օրը, երբ Փեքինի մէջ մէկ միլիոն չիներ ցոյց կը կատարեն ի նպաստ Քուպայի եւ ի բողոք այն լուծման, որ Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա տուին տագնապին: Չինական մամուլը վստահութիւն չունի Քուպայի վրայ չարշաւելու ամերիկեան խոստումներուն հանդէպ: Այդպիսով, կը դատապարտէ Խրուշչեւի վարքագիծը, որ ամբողջութեամբ հիմնուած է ամերիկեան խոստումներուն վրայ:
Կասկած չկայ, թէ Խրուշչեւ Քուպայի մէջ տեղի տալով` ուզեց փոխարէնը շահիլ խաղաղութեան պաշտպանի համբաւը: Համայնավար քարոզչութիւնը անմիջապէս գործի լծուեցաւ` հաստատելու համար, որ Քրեմլին, եթէ չուզեց ուժի փորձ մը կատարել Քարայիպեան ծովուն մէջ, պատճառը իր տկարութիւնը չէր, այլ` համաշխարհային խաղաղութիւնը պահպանելու Քրեմլինի անկեղծ ցանկութիւնը: Մոսկուա եւ իր արտասահմանի գործակալները վարպետ են նման աճպարարութիւններու մէջ: Մարքսեան տիալեկտիկան այս մարզէն ներս ռազմավարութեան բաւական ընդարձակ գետին մը կը շնորհէ իրենց: Կարեւորը այն է սակայն, որ Քուպայի տագնապը անտարբեր պիտի չթողու համայնավար աշխարհը, ուր խրուշչեւեան քաղաքականութիւնը, յառաջխաղացքի ու նահանջի, կրնայ դժգոհութիւններ ստեղծած ըլլալ:
Դժգոհներէն մէկն է Արեւելեան Գերմանիոյ բռնատէրը` Ուլպրիխտ, որ մէկ օր առաջ կ՛ուզէ լուծուած տեսնել Պերլինի հարցը: Բայց ինչպէ՞ս լուծել, երբ Մոսկուա հիմա շատ լաւ գիտէ, թէ ամերիկեան նոյն վճռականութեան պիտի հանդիպի նաեւ Գերմանիոյ նախկին մայրաքաղաքին մէջ:
Քուպայի արկածախնդրութիւնը միջազգային կեանքի մէջ շատ սուղ արժելէ ետք Խրուշչեւի, հիմա սկսած է իր հետեւանքները զգացնել նաեւ տունէն ներս…
Հայաստան
Հայկական
Շարժարուեստը
Ցարդ Հրապարակ Հանուած
Հայերէն Ժապաւէնները
Հոկտեմբեր 18-20 տեղի ունեցաւ Հայաստանի շարժարուեստի աշխատողներուն առաջին (հիմնադիր) համագումարը:
Օրակարգի առաջին հարցը եղած է զեկուցում հայկական շարժարուեստին մասին: 1923-ին հիմը դրուեցաւ «Հայկինօ» կազմակերպութեան: Առաջին ժապաւէնը` «Նամուս»-ը համր էր: Անկէ ետք յաջորդաբար հրապարակ ելան` «Զարեն», «Չար ոգին», «Մեքսիքական տիպլոմատները», «Գրիգորը» եւ այլ ժապաւէններ:
1935-ին «Հայկինօ»-ն հրապարակ հանեց իր առաջին խօսուն ժապաւէնը` «Պեպօ», յետոյ` «Դաւիթ Բէկ»-ը եւ այլն: Իր հիմնադրութենէն ի վեր ընկերութիւնը հրապարակ հանած է վաթսունէ աւելի գեղարուեստական եւ քանի մը տասնեակ փաստանկար ժապաւէններ:
Այս համառօտ զեկուցումէն ետք, զեկուցաբերը` Ա. Կեւորկով` անդրադարձած է շարժարուեստի զարգացման հետ կապ ունեցող խնդիրներուն` միաժամանակ մատնանշելով այն խոչընդոտները, որոնք արգելք կ՛ըլլան հայկական շարժարուեստին յառաջդիմութեան: Այսպէս, ըստ զեկուցաբերին, կը պակսին անհրաժեշտ սարքաւորումները, գոյութիւն չունին արուեստանքի (թեքնիք) յարմարութիւններ, որոնց պատճառով նկարահանումները կը կատարուին աննպաստ պայմաններու տակ: «Առանձնապէս կրաւորական դիրք բռնած են գրողները, որոնք համարեա չեն մասնակցիր արուեստանոցին ստեղծագործական աշխատանքներուն»:
Մտքերու փոխանակութեան ատեն քանի մը գրագէտներ խօսած են բեմադիրներուն եւ բեմագիրներուն յարաբերութիւններու հարցին մասին: Մատնանշած են, թէ «Հայֆիլմ»-ը բաւարար չափով ուշադրութիւն չի դարձներ բեմադրութիւններուն որակին, ու այս պատճառով յաճախ հրապարակ կը հանուին անմշակ եւ խեղճ նիւթեր շօշափող ժապաւէններ:
Ծանօթ դերասան Ա. Կոթիկեան խօսած է արտասահմանի հայութեան նուիրուած ժապաւէններ ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին:

