Ակնարկ. Միջնորդներ Ընդդէմ Խաղաղարարներու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգեյ Լավրովի եւ ՄԱԿի ու արաբական լիկայի յատուկ ներկայացուցիչ Լախտար Իպրահիմիի հանդիպման նախօրեակին պաշտօնական Մոսկուան պարզ դարձուց իր պատկերացումը սուրիական հանգուցալուծման ուղղութեամբ։ Լիակատար եւ երաշխիքային զինադադարի միակ առաջարկուածը, ըստ Մոսկուային, ՄԱԿ-ի դիտորդներու եւ խաղաղապահ ուժերու տեղակայումն է Սուրիոյ տարածքին։ Թէեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարարն ու նախագահի միջին Արեւելեան հարցերու խորհրդականը վերջնական տեսք չէ տուած ռուսական առաջարկին, այսուհանդերձ երբ կ՛ըսուի, թէ Մոսկուան պատրաստակամ է դիտարկելու Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի դիտորդներու եւ խաղաղարարներու տեղակայման հարցը, այս կը նշանակէ, որ ոչ թէ դիտարկումէն անդին պատրաստ է միայն քննարկելու, այլ նաեւ այդ գծով առաջարկ ընելու եւ աշխատելու որ այդ առաջարկը վերածուի որոշումի։

Ռուսական այս առաջարկը կը բախի թրքական մերժումի, որ դիւանագիտական ձեւերով հրապարակայնօրէն կը մերժէ զայն եթէ ոչ անպայման հակա-առաջարկ, գէթ փոխ-առաջարկ ներկայացնելով։ Անգարան եռակողմ ձեւաչափով կայանալիք համաձայնութեան մէջ կը տեսնէ Սուրիոյ հանգուցալուծումը. Այստեղ մանրամասնուած է նաեւ եռակողմին բովանդակութիւնը՝ Թուրքիա, Ռուսիա եւ Իրան։

Դիւանագիտական բառապաշարով այս առաջարկը իր հերթին արձագանգ գտած է Ռուսիայէն։ Մոսկուան սկզբունքով համաձայն է ձեւաչափի այս բաղադրութեան, սակայն ըստ ռուս դիւանագէտ ներկայացուցիչին գոյութիւն ունին ձեւաչափի տարբեր տարազներ՝ Թուրքիա- Իրան-Եգիպտոս եւ Թուրքիա-Եգիպտոս-Սէուտական Արաբիա։

Միաժամանակ, կը նկատուի միջազգային ընտանիքի այլ առնչուած կողմերու համեմատական կրաւորականութիւն, գէթ առ երեւոյթ։ Հարցի լուծման յստակ առաջարկներ չեն հնչեր այս կամ այն կողմէն եւ յայտարարութիւնները կը մնան ընդհանուր կարգախօսային բովանդակութեան  սահմաններուն մէջ։  Յունիսին էր, որ ՄԱԿ-ի ապահովական խորհուրդի մնայուն անդամները յատուկ հաղորդագրութեամբ նախատեսած էին ձեւաւորել անցումային կառավարութիւն։

Անցումային կառավարութեան անտեսանելիութիւնն է փաստօրէն, որ մշտական անդամներէն մէկը մղած է նոր առաջարկով հանդէս գալու։ Նախադրեալները կը յուշեն, որ ռուսական առաջարկը միջազգային ընտանիքին կողմէ կրնայ քննարկումի առարկայ դառնալ։ Ի վերջոյ զինուորական բախումներով յատկանշուող հակամարտութեան գօտիներու համար նախատեսուած ընթացակարգ է խաղաղապահ ուժերու առաքումը, մանաւանդ քաղաքացիական ընդհարումներու պարագային։

Չէ բացառուած, որ որեւէ հակամարտութեան լուծում նաեւ, ըստ միջազգային համաձայնութեան ,յանձնուի միջնորդական առաքելութիւն իրականացնող կողմերու։ Այս եւս օրինաչափ է իբրեւ պրակտիկա եւ միջազգային պայմանագրի հիման վրայ կիրառելի որոշում։ Այս պարագային սակայն միջնորդական ձեւաչափի բաղադրութեան անորոշութիւնը եւ առաջարկողին կողմէ տարբեր պատկերացումներ հրապարակ նետելը չ՛օգներ, որ սկզբունքին շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ։ Ռուսական արձագանգը այդ մասին կը վկայէ արդէն՝ «համաձայն, բայց…»։

Մոսկուայի եւ Անգարայի պատկերացումները կրնան նոյնիսկ իրար լրացնել, եթէ անշուշտ ընդհանուր համաձայնութիւնը կայանայ։ Զինուորական տեղակայումներուն զուգահեռ միջնորդական առաքելութիւններ կրնան աշխատիլ։ Եւ կամ միջնորդները կրնան խաղաղապահ ուժերու տեղակայման անհրաժեշտութան յանգիլ ու դիմել միջազգային ընտանիքին։

Այս բոլորը տակաւին ճամբայ ունին կտրելիք։ Յստակ է, որ սուրիական խնդիրը յայտնուած է երկու հիմնական ուղղութիւններու առանցքին վրայ։ Իսկ Մոսկուան եւ Անգարան տակաւին չեն համաձայնած խնդիրի լուծման ընդհանուր սկզբունքներուն շուրջ։

                                                                                                                                                                                «Ա.»

 

Share this Article
CATEGORIES