Քիւրտ Երեսփոխան Մը Թրքական Իշխանութեան Կը Յայտնէ. «Քիւրտերը 1915-ի Հայերը Չեն, Որ Կոտորէք»

Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իզմիրի մէջ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց կազմակերպած են` աջակցութիւն յայտնելով Թուրքիոյ տարբեր բանտերուն մէջ հացադուլ կատարող քիւրտերուն: Ցոյցին մասնակցած են շուրջ 1500 անձեր:

Ցոյցի մասնակիցներուն շարքին եղած է Մուշ նահանգէն քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Սըրրը Սաքըք:

«Խելքերնիդ գլուխնիդ հաւաքեցէ՛ք: Քիւրտերը 1915-ի հայերը չեն, որ կոտորէք», ըսած է ան, ապա սպառնացած է` յիշեցնելով քրտական հետեւեալ առածը. «Քիչէն քիչ կ՛երթայ, շատէն` շատ»:

Թրքական բանտերուն մէջ քիւրտ բանտարկեալներու հացադուլը արդէն 55 օրէ ի վեր կը շարունակուի:

 

Share this Article
CATEGORIES