Իր Խօսքը Նալբանդեանին Ուղղելով` «Վերաբնակեցում Բառէն Մի՛ Վախնաք» Ըսաւ Արմէն Ռուստամեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ 2013 թուականի պիւտճէի քննարկման ընթացքին, պատասխանելով Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման վերաբերեալ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի հարցումին, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծեց, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ գլխաւոր նպատակը Ազրպէյճանը բանակցութիւններու կառուցողական դաշտ վերադարձնելն էր:
Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան արտաքին գործոց նախարարին հարցուց, թէ ինչպէ՞ս կը պատրաստուին Ազրպէյճանը վերադարձնելու կառուցողական դաշտ, որուն մէջ այդ երկիրը երբեք չէ եղած եւ դժուար թէ այդ դաշտին մէջ գտնուի մօտիկ ապագային: Ռուստամեան հետաքրքրուեցաւ, թէ ի՞նչ ձեւերով արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պատրաստուի ատիկա իրականացնելու:
Նալբանդեան ընդգծեց, որ ջանքեր կը գործադրուին, իսկ թէ որքանով կը յաջողին անոնք, այլ հարց է: Նալբանդեան վստահեցուց նաեւ, որ միջազգային հանրութեան եւ Հայաստանի մօտեցումները համահունչ են:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տրուելիք գումարներուն մասին Ռուստամեանի հարցումին` նախարարը նշեց, որ ասիկա փակ հանդիպում չէ եւ կը կատարուին հարցադրումներ, որոնց վերաբերեալ դուրսի արձագանգը կրնայ տարբեր ըլլալ: «Դուք կ՛ըսէք` եկէք վերաբնակեցումը ֆինանսաւորենք, ի՞նչ պիտի ըլլայ արձագանգը: Դուք կը կարծէք, որ այստեղ նստածներէն որեւէ մէկը Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրներու լուծման մասով նուա՞զ ցանկութիւն ունի: Այսպիսի բան չկայ», յայտարարեց ան:
Ռուստամեան խնդրեց ըստ էութեան հարցումին պատասխանել, թէ ի՞նչ ձեւով արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պատրաստուի Ազրպէյճանը վերադարձնելու բանակցութիւններու կառուցողական դաշտ:
«Շատ վտանգաւոր է, երբ դուք կ՛ըսէք, թէ մեր մօտեցումները համահունչ են միջազգային հանրութեան, որովհետեւ միջազգային հանրութիւնը կ՛ըսէ, թէ Մատրիտեան սկզբունքները լաւ են: Եւ երկրորդ` «վերաբնակեցում» բառէն մի՛ վախնաք, մինչեւ հիմա «ազատագրում» բառէն կը վախնայիք, հիմա ալ վերաբնակեցում բառը ձեզի այդպէս կը խրտչեցնէ», ընդգծեց դաշնակցական պատգամաւորը: Ան աւելցուց, որ կարելի է ըսել, թէ օգնութիւն կը տրամադրենք` բանալով տողերը, թէ ինչի համար:
«Իսկ ի՞նչը կը խանգարէ այդ տողերը չբանալ, բայց լուծել այն հարցերը, զորս մենք ունինք», արձագանգեց արտաքին գործոց նախարարը:
Ռուստամեան հակադարձեց նախարարին` ըսելով, որ այդ հարցերը չեն լուծուիր:

