«Սուրիահայերու Աջակցութեան Անհրաժեշտութիւնը Համապետական Հոգ Է» Կ՛ըսէ Լիլիթ Գալստեան
Սուրիահայութեան աջակցութեան «Օգնի՛ր եղբօրդ» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:
ՀՅԴ-ի անդամ, «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան ներկայացուցիչ Լիլիթ Գալստեան «Առաջին լրատուական»-ին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախաձեռնութեան ներկայացուցիչները պարբերաբար կապի մէջ են Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազանին եւ սուրիահայ շտապ օգնութեան մարմինի ներկայացուցիչներուն հետ պատերազմական գօտիին մէջ իրենց գոյութիւնը պահպանող սուրիահայերու կարիքները հասկնալու նպատակով:
Ըստ Գալստեանի, «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան ակունքին մէջ ՀՅԴ կառոյցներն են, որոնք սուրիահայերու աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը կը դիտարկեն իբրեւ համապետական հոգ:
«Երբ մենք յայտարարեցինք «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան ստեղծման մասին, ըսինք, որ նախաձեռնութիւնը քաղաքական, աշխարհագրական սահման չունի: Եւ այդպէս ալ եղաւ: Խորհրդարանի բոլոր քաղաքական ուժերը իրենց աշխատավարձերէն բաժին յատկացուցին սուրիահայերուն աջակցելու համար: Գործարարները, քաղաքական դաշտի տարբեր ուժերու ներկայացուցիչները գումար փոխանցեցին նախաձեռնութեան, այսինքն` գաղափար մը բոլորս կը միաւորէ` ինչպէ՞ս կործանումէն փրկել լինելութեան տագնապ ունեցող սուրիական համայնքը», նշեց Լիլիթ Գալստեան:
Խօսելով նախաձեռնութեան յառաջիկայ ընելիքներուն շուրջ` Լիլիթ Գալստեան յայտնեց, որ այս պահուն «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան պահեստներուն մէջ կայ 40 թոնէն աւելի սննդամթերք եւ մօտաւորապէս 0.5 թոն դեղորայք:
Այս օրերուն սննդամթերքի աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի Հայաստանի մէջ հաստատուած կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներուն: Նախաձեռնութիւնը սննդամթերքի օգնութեան 15 քիլոկրամնոց տուփեր կը տրամադրէ սուրիահայ 150 ընտանիքներու, որոնք ամրան այցելած են Հայաստան եւ հետագային պատերազմական գործողութիւններուն մէջ ներքաշուած Սուրիա չեն վերադարձած:
Նախաձեռնութեան ներկայացուցիչը յայտնեց, որ 200 հոգիի բաժնուած են տաք ծածկոցներ, եւ պիտի յատկացուին նաեւ այլ 200 հոգիներու: Ան աւելցուց, որ որոշ կարիքաւորներու պիտի տրամադրուի նաեւ տաք հագուստ եւ կօշիկ:
«Կը շարունակենք ցուցակագրել կարիքաւոր սուրիահայերը: Միայն սնունդի չէ, որ կարիք ունին, այլ նաեւ առողջապահական եւ իրաւաբանական խորհրդատուութեան: Հալէպ ուղարկուելիք մարդասիրական օգնութեան յաջորդ խմբաքանակը պատրաստ է. անընդհատ կը ճշդենք ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ ուղարկել զանոնք», պարզաբանեց նախաձեռնութեան անդամը: Ան աւելցուց, որ կը շարունակեն բեռի փոխադրման աւելի յարմար ճամբաներ փնտռել: Լիլիթ Գալստեան եզրափակեց իր խօսքը ընդգծելով, որ պէտք է ամէն ինչ ընել անորոշութեան, տագնապի մէջ գտնուող սուրիահայ համայնքին աջակցելու համար:


