Միքաթի Հանդիպումներ Ունեցաւ Պուլկարացի Պատասխանատուներու Հետ

Միքաթի եւ Պորիսով` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Պուլկարիա, երէկ Սոֆիայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ պուլկարացի իր պաշտօնակիցին` Պոյքօ Պորիսովի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Աւելի ուշ, Պուլկարիոյ եւ Լիբանանի վարչապետներուն հանդիպումին միացան լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան անդամներն ու անոնց պուլկարացի պաշտօնակիցները, որոնք գումարեցին ընդարձակ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի ընկերակցեցան ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Միքաթի խստիւ դատապարտեց Սոֆիայի օդակայանին մէջ արձանագրուած պայթումը եւ բոլոր ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնք թիրախ կը դարձնեն քաղաքայինները:

Միքաթի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք Պորիսովին բացատրած է Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքը, որուն իր զօրակցութիւնը յայտնած է Պուլկարիոյ վարչապետը:

«Մենք այլոց ներքին հարցերուն միջամուխ չենք դառնար եւ մեզի համար կարեւոր է, որ ուրիշներ եւ միջազգային ընտանիքը հասկնան այս կեցուածքը եւ այս դժուար հանգրուանին զօրակցին Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու մեր ջանքերուն», ըսաւ Միքաթի:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Պուլկարիոյ յարաբերութիւնները եղած են հեզասահ, սակայն պէտք է զանոնք ամրապնդել ճարտարարուեստի, զբօսաշրջութեան եւ երկրագործութեան մարզերուն մէջ: Այս շրջագիծին մէջ ան աւելցուց, որ ինք Լիբանանի տնտեսական խորհուրդներուն պիտի փոխանցէ Պուլկարիա իր այցելութեան արդիւնքները:

Միքաթի նշեց նաեւ, որ Պուլկարիոյ մէջ լիբանանցի ուսանողները իրենց կարգին մեծ դերակատարութիւն ունին այդ յարաբերութիւնները բարելաւելու` առաջարկելով, որ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ քննարկուի դիւանագիտական անցագիրներու պարագային մուտքի արտօնագիրները չեղեալ նկատելու կարելիութիւնը:

Իր կարգին, Պորիսով յայտնեց, որ Պուրկասի օդակայանին պայթումին հարցով Պուլկարիա ոչ մէկ կողմ ամբաստանած է: Ան մերժեց մեկնաբանել այն ամբաստանութիւնները, թէ իսրայէլեան կողմը այդ պայթումին յանցանքը վերագրած է Հըզպալլայի` շեշտելով միաժամանակ, որ Պուլկարիա պիտի հիմնուի իր կատարած հետաքննութիւններուն եւ փաստերուն վրայ:

Պորիսով ընդգծեց, որ վարչապետ Միքաթիի Պուլկարիա այցելութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն ունի պայթումին հետ, այլ` այդ այցելութեան նպատակն է քննարկել երկկողմանի յարաբերութիւնները:

«Մեզի համար կարեւոր է նաեւ, որ Լիբանան պահէ ապահովական իր կայունութիւնը եւ առիթ չտայ, որ Սուրիոյ տագնապը հասնի իրեն», ըսաւ Պորիսով:

Պուլկարիոյ վարչապետը խստիւ դատապարտեց հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Հասանի ընտանիքին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարգ մը տեղեկութիւններ հաստատած են Հասանի սպանութեան վայրին մէջ պուլկարական պայթուցիկ նիւթերու գոյութիւնը, Պորիսով ըսաւ. «Կը դատապարտենք նաեւ Հասանի պայթումին թղթածրարին մէջ Պուլկարիան միջամուխ դարձնելու փորձերը»:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պուլկարիոյ խորհրդարանի նախագահ Ցեցքա Ցաչեւայի հետ:

Խորհրդարանին մէջ կատարուած հանդիպումին ընթացքին Ցաչեւա ողջունեց Միքաթին` շեշտելով Լիբանան-Պուլկարիա բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք մնայուն կերպով հեզասահ եղած են եւ կը դրսեւորուին լիբանանեան-պուլկարական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբին աշխատանքներով:

Ցաչեւա շեշտեց, որ Պուլկարիա մօտէն կը հետեւի Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն եւ կը մաղթէ, որ Սուրիոյ տագնապը Լիբանան չփոխանցուի: «Այս շրջագիծին մէջ մենք կ՛ողջունենք լիբանանեան իշխանութիւններուն ջանքերը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ ան:

Միքաթի շեշտեց, որ ինք կարեւոր կը նկատէ Պուլկարիա այցելութիւնը, յատկապէս փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները սերտելու իմաստով:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց նաեւ Պէյրութ-Սոֆիա օդանաւային ուղղակի թռիչքի գոյութեան կարեւորութիւնը` դիւրացնելու համար անհատներու եւ գործատէրերու փոխադրութիւնը, որ իր կարգին կը նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն բարելաւման:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի Ցաչեւային ներկայացուց Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն կայացման նախապատրաստական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ անոր փոխանցեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը:

Ցաչեւա եւս Միքաթիի յանձնեց Պուլկարիա այցելութեան հրաւէր մը, որ ուղղուած էր Պըրրիի:

Վարչապետ Միքաթի, ընկերակցութեամբ լիբանանեան պատուիրակութեան, այցելեց արտաքին գործոց նախարար Նիքոլայ Մլատենովի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-պուլկարական յարաբերութիւնները:

Իր կարգին, Պուլկարիոյ մշակոյթի նախարար Վեժտի Ռաշիտով վարչապետ Միքաթիի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան համար պտոյտ մը կազմակերպեց մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ:

Նշենք նաեւ, որ Պուլկարիա իր այցելութեան աւարտին, վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պուլկարիոյ նախագահ Ռոս Փլեվնելիեւի հետ, որ երկրէն դուրս կը գտնուէր: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միքաթի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անոր մաղթանքները փոխանցեց Պուլկարիոյ նախագահին:

Պուլկարիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը աւարտելէ ետք Միքաթի միօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Հունգարիա:

 

Share this Article
CATEGORIES