Նախագահ Սլէյման. «Կառավարութեան Հարցը Կարելի Է Քննարկել Եւ Փոփոխութեան Գծով Համախոհութիւն Գոյացնել»

Նախագահ Սլէյման` Լիբանանեան կուսակցութիւններու համախմբումի պատուիրակութեան հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին վերադարձը եւ քաղաքական շինիչ բառամթերքին օգտագործումը լաւագոյն ձեւերն են Լիբանանը փրկելու իր դիմագրաւած քաղաքական ներկայ տագնապէն: Ան յայտնեց, որ շրջանին մէջ տիրող ներկայ պայմանները պէտք է դիմագրաւել այդ հարցերուն նկատմամբ երկխօսութեամբ գոյանալիք ըմբռնումով եւ հասկացողութեամբ:

Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանեան կուսակցութիւններու համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան յայտնեց, թէ կառավարութեան փոփոխութեան հարցը քննարկելի է, պայմանաւ որ սակայն համախոհութիւն կարելի ըլլայ գոյացնել աւելի լաւ կազմ մը ստեղծելու, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութիւն մարմնաւորելու իմաստով:

Նախագահ Սլէյման նշեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է բարելաւել երկրին տնտեսական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ օժանդակել լիբանանեան պետութեան` ամրապնդելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Նշենք, որ կուսակցութիւններու համախմբումի պատուիրակութիւնը իր կարգին նախագահ Սլէյմանին ներկայացուց Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն առնչութեամբ իր պատկերացումները: Համախմբումը դրուատեց նախագահ Սլէյմանի ի գործ դրած ջանքերը` լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը Ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւիրելու իմաստով եւ քաջալերեց բոլորը այդ կոչին ընդառաջելու առումով:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Ֆրանսայի պետական շուրայի նախագահ Ժան Մարք Սուվէ` ներկայութեամբ անոր լիբանանցի պաշտօնակիցին` դատաւոր Շուքրի Սատերի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու խորհուրդներուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ֆլինթ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ցաւակցութիւն յայտնեց հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան առումով եւ նախարարութեան զօրակցութիւնը փոխանցեց լիբանանեան իշխանութիւններուն:

Ֆլինթ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները` երկրին ազգային միասնականութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ եւ Լիբանանի դրամատուներու միութեան նախագահ Ֆրանսուա Պասիլ:

ՆՇԵՆՔ, որ նախագահ Սլէյման յառաջիկայ 24 նոյեմբերին պիտի ուղղուի Հռոմ, ուր ներկայ պիտի գտնուի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կարտինալ ձեռնադրութեան: Կը նախատեսուի նաեւ, որ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES