Փաուլի. «Պէյրութ Իր Այցելութեամբ Հոլլանտ Շեշտեց Լիբանանի Նկատմամբ Ֆրանսայի Զօրակցութիւնը»

Ծաղկեպսակի զետեղում` Ուիսամ Հասանի շիրիմին

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի երէկ կէսօրէ առաջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի շիրիմին:

Ծաղկեպսակի զետեղումին ներկայ գտնուեցան ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Ռոպեր Ժապպուր, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի անդամ երեսփոխաններ:

Այցելելէ ետք Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակին մէջ գտնուող նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը, Փաուլի ուղղուեցաւ դէպի Ուիսամ Հասանի շիրիմը, ուր զետեղեց ծաղկեպսակը:

Նախքան իր մեկնումը, Փաուլի կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ան շեշտեց, թէ Ֆրանսայի նախագահը պատուիրած է իրեն Ուիսամ Հասանի դամբարանին ծաղկեպսակ մը զետեղել առ ի յարգանք ապահովական կառոյցի նահատակ պետին, որ իր կեանքը նուիրեց լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու:

Փաուլի աւելցուց, որ նախագահ Հոլլանտի Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն է Լիբանանին զօրակցութիւն յայտնել եւ Լիբանանի ու Ֆրանսայի միջեւ բարեկամութիւնը ամրապնդել:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ հակառակ Հոլլանտի Լիբանան կատարած այցելութեան, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Ֆրանսա կատարելիք այցելութիւնը կը մնայ ի զօրու:

Ֆապիւս շեշտեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանի ներկայ կառավարութեան, ինչպէս որ ան զօրակցած է Լիբանանի մնացեալ բոլոր կառավարութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES