Փ. Մանճեան. «Հոլլանտի Այցելութիւնը Լիբանանին Զօրակցութեան Նպատակով Էր»
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան երէկ յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի Լիբանան կատարած այցելութիւնը ամբողջ Լիբանանին` կառավարութեան ու լիբանանցիներուն զօրակցութիւն յայտնելու նպատակով կատարուած էր:
Փ. Մանճեան յայտնեց, որ լիբանանեան ընդդիմութիւնը ներքին պառակտումներ կ՛ապրի եւ չի գիտեր, թէ ի՛նչ է իր ուզածը: «Ընդդիմութիւնը կը փափաքի կառավարութի՞ւնը տապալել, կառավարութեան ձե՞ւը փոխել, երկրին իշխանութեա՞ն տիրանալ: Կառավարութիւնը ներկայ է եւ կը գործէ մեծ ներուժով», ըսաւ ան:
Փանոս Մանճեան շեշտեց, որ կառավարութիւնը վաղուան իր նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ աշխատավարձի յաւելումներուն ֆինանսաւորումը, բացի հանգստեան կոչուողներուն թղթածրարէն, որ առանձին նիստ մը կ՛ենթադրէ:
Նախարար Մանճեան հաստատեց, որ կառավարութիւնը ճնշումներու տակ չի գործեր` աւելցնելով, որ կառավարութեան վաղուան նիստին ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ:

