«Մնայուն Կերպով Հաւատացած Ենք Երկխօսութեան Եւ Հանրապետութեան Նախագահին Նկատմամբ Բաց Քաղաքականութիւն Կը Կիրարկենք» Շեշտեց Սինիորա
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` անոր կարտինալ ընտրութեան առիթով:
Հանդիպումէն ետք Պքերքէէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Սինիորա շեշտեց, որ իրենք մնայուն կերպով հաւատացած են երկխօսութեան` իբրեւ երկրին հարցերուն լուծման միակ միջոցը: Ան նշեց, որ իրենք յանձնառու են երկրին մէջ տիրող ժողովրդավարութեան եւ այդ պատճառով ալ ամէն ջանք ի գործ դրած են դրական վարուելակերպ ցուցաբերելու եւ երկրին մէջ լարուածութիւնը նուազեցնելու` քաղաքական, տնտեսական, դիւանագիտական թէ ապահովական իմաստով:
Սինիորա նշեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումը եղած է դրական` դիտել տալով միաժամանակ, որ քննարկուած են ազգային հարցերն ու թղթածրարները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած զգայուն պայմանները:
Սինիորա շեշտեց նաեւ, որ հանրապետութեան նախագահին նկատմամբ իրենք բաց քաղաքականութիւն կը կիրարկեն` աւելցնելով սակայն, որ երկրին մէջ անիշխանութեան մասին կատարուած յայտարարութիւնները կը հակադրուին երկրին սահմանադրութեան հետ:

