Ուահապ. «Ո՛չ Երկխօսութիւնը, Ո՛չ Ալ Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւնը Կրնան Լուծել Լիբանանի Տագնապը»

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ուահապ Ռապիէէն յայտնեց, որ ո՛չ երկխօսութիւնը եւ ո՛չ ալ Ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը կրնան լուծել Լիբանանի տագնապը` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմի փոփոխութիւնը կը կատարուի միայն լիբանանցիներուն կողմէ եւ ոչ թէ Փարիզի կամ Ռիատի կողմէ:

Ուահապ հարց տուաւ, որ Ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը աշխատանքային ծրագիրը ինչպէ՞ս կարելի է մշակել, երբ լիբանանցիներէն ոմանք իսրայէլեան զէնքը լիբանանեան զէնքէն աւելի լաւ կը նկատեն:

Միւս կողմէ, նախանցեալ երեկոյեան Մեթնի «Փայն Լենտ» համալիրին մէջ կազմակերպուած ընթրիքի մը ընթացքին, Ուահապ իր արտասանած խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կեցուածքը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ պահպանել ներկայ կառավարութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES