Պըրրի Ընդունեց Հաթեմ Մատին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք Այն Թինէի մէջ ընդունեց ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ դատական իշխանութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Կինէի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Սաատէ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց արտերկրի լիբանանցիներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
CATEGORIES Լիբանանեան

