«Սուրիական Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Ինքզինք Կազմակերպէ, Որպէսզի Օրինականութեան Տիրանայ» Կ՛ըսէ Հոլլանտ

Ֆրանսուա Հոլլանտ

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ սէուտական «Մատինա» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնելէ ետք, թէ «Սէուտական Արաբիա Ֆրանսայի համար զինուորական գործընկեր մըն է», նշեց, որ «Սէուտական Արաբիա իմ այցելութեանս նպատակը նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ անձնական յարաբերութեան ստեղծումն է եւ փոխադարձ վստահութեան հաստատումը»:

Հոլլանտ ըսաւ, որ պէտք է գտնել անձնաւորութիւն մը, որ սուրիական ընդդիմութիւնը ներկայացնէ, ինչպէս նաեւ կազմել կառավարութիւն մը, որ համախոհական անձնաւորութիւն մը ընտրէ: Ան նաեւ նշեց, որ պէտք է ժողովրդավարական հոլովոյթին վրայ պնդել, իսկ ընդդիմութիւնը պէտք է ինքզինք կազմակերպէ, որպէսզի օրինականութեան տիրանայ: «Պէտք է օգնենք սուրիական ընդդիմութեան», նշեց ան:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «ամերիկեան պատուիրակութիւն մը Տոհա ուղղուած է` մասնակցելու համար սուրիական ընդդիմութեան ընդհանուր ժողովին, որ փոխանցման նոր խորհուրդի մը կազմութեան հարցը պիտի քննարկէ:

Պաշտօնատարը նշեց, որ «Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին կազմութենէն մէկուկէս տարի ետք անոր դիմագրաւած իսկական հարցը այն է, որ որոշումի կայացումը փոխանցուեցաւ Սուրիոյ մէջ գտնուող սուրիացիներուն, իսկ Ազգային խորհուրդը մեծամասնութեամբ արտասահմանի մէջ է»:

Ան նշեց, որ ամերիկեան կողմը ընդհանուր ժողովին պիտի մասնակցի բոլոր սուրիացիներուն ձգտումներուն համապատասխանող աշխատանքային մարմինի մը կազմութեան շուրջ խորհրդատուութիւն կատարելու համար: Ան ընդգծեց, որ «նոր մարմինի կազմութիւնն ու անոր պատկերացումը ամերիկեան որոշում մը չէ, այլ` սուրիական»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «մենք Սուրիոյ ներքին տագնապին մէջ որեւէ կողմի կողքին չենք կանգնիր: Մենք սուրիացի ժողովուրդին կը կարեկցինք: Ռուսիա սկիզբէն ի վեր արիւնահեղութեան շուտով դադրեցման հետ էր եւ բռնարարքներուն դէմ էր, որ կողմէն ալ գործուած ըլլան անոնք: Այս առումով կը նշեմ, որ կը դատապարտենք Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց որեւէ ոտնահարում, ներառեալ` անոնք, զորս վարչակարգը կը գործէ»:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ տրամադրուած ռուսական զինուորական օժանդակութիւնը արտաքին հաւանական յարձակում մը դիմակայելու համար Սուրիոյ պաշտպանողական կարողութիւնները ամրապնդելու համար է եւ ոչ թէ Ասատի կամ ոեւէ անձի աջակցելու:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտնած է, թէ Ռուսիա պատրաստ է Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի դէտերու եւ խաղաղապահներու տեղակայման հարցը քննարկելու` ընդգծելով, որ  սուրիական իշխանութիւնները պէտք է ատոր համաձայն ըլլան: Ան շեշտած է, որ Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը կ՛ենթադրէ «լիակատար եւ երաշխիքային հրադադար»:

Պոկտանով նաեւ յայտնած է, որ Ռուսիա մտահոգ է այն բանէն, որ սուրիական ընդդիմութիւնը մինչեւ հիմա չէ կրցած համախմբուիլ Ժընեւի ժողովի հաղորդագրութեան շուրջ, Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններուն մէջ իր ներկայացուցիչը չէ ճշդած: Ան ընդգծած է, որ Սուրիոյ տագնապը «զինուորական լուծում չունի» եւ լուծումը «պէտք է գտնուի բանակցութեան սեղանին վրայ»:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Սուրիոյ մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններուն դէմ կատարուած յարձակումները, որոնց պատճառով տասնեակներով զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուած են: Համաս շեշտեց, որ պէտք է պաղեստինեան գաղթակայանները չէզոք գօտիներ նկատել եւ պաղեստինցիները սուրիական տագնապին մէջ չներքաշել:

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներու ճամբարին մէջ երկու ընտանիքներու միջեւ վիճաբանութիւն մը վերածուած է ծեծկռտուքի, որուն պատճառով ալ արձանագրուած են զոհ մը եւ մէկ վիրաւոր: Կան ձերբակալուածներ, եւ դէպքին շուրջ հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES