Ամմանի Մէջ Լաւրով Այսօր Հանդիպում Պիտի Ունենայ Սուրիոյ Ընդդիմութեան Պատուիրակութեան Հետ

ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւն` յղում կատարելով Ռուսիոյ պատուիրակութեան աղբիւրի մը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր Ամմանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ սուրիական ընդդիմութեան պատուիրակութեան հետ: Աղբիւրին համաձայն, «նախատեսուած է սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Սուրիոյ տագնապին լուծումը»:

Լաւրով Յորդանանի մէջ նաեւ պէտք է հանդիպում ունենայ նաեւ Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ յորդանանցի իր գործընկերոջ` Նասեր Ճաուտի հետ:

Share this Article
CATEGORIES