Ամերիկացի Ֆութպոլիստները «Կը Նախատեսեն», Որ Այսօր Ռոմնին Պիտի Յաղթէ. Ռոմնիի Եւ Օպամայի Կրօնքը Մուտք Կը Գործէ Նախագահական Ընտրապայքար
Տասնամեակներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածուներուն կրօնական պատկանելիութեանց շուրջ վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները լրատուամիջոցներուն մէջ ներկայ եղած են: Այդ սովորութիւնը ընթացք առաւ, երբ Ճոն Քենետի դարձաւ մեծամասնութեամբ բողոքական բնակչութիւն ունեցող Միացեալ Նահանգներու առաջին կաթողիկէ նախագահը: Սակայն ներկայիս այդ թղթածրարը մեծ ուշադրութեան կ՛արժանանայ այն պատճառով, որ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Միթ Ռոմնի մորմոն է, իսկ գործող նախագահ Պարաք Օպամա իր նստաշրջանի ամբողջ շրջանին ջանաց փարատել այն թիւրըմբռնումը, թէ ինք իսլամ է:
Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին այս սխալ կարծիքը ունեցող ամերիկացիներուն թիւը բարձրացած է: 2012-ին ամերիկացիներուն մէկ հինգերորդը կը հաւատար, թէ Օպամա իսլամ է: 2009-ին այդ թիւը մէկ տասներորդ էր: Հարցախոյզին մասնակիցներուն մէկ երրորդը կը հաւատայ, թէ ան սուտ չի խօսիր, երբ կը պնդէ, թէ քրիստոնեայ է: Արդարեւ, Օպամա սեպտեմբեր 2010-ին հրապարակած էր յատուկ այս հարցին վերաբերող հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ «ես անձնական ընտրանքով քրիստոնեայ եմ: Ընտանիքս ամէն շաբաթ եկեղեցի գացող չէր, ուստի կեանքիս մէջ աւելի ուշ տիրացայ քրիստոնէական հաւատքիս»:
Ռոմնի կը պնդէ, որ ամերիկացի ժողովուրդը կ՛ուզէ Սպիտակ տան մէջ «հաւատքի արժէքներուն» տէր անձ մը տեսնել, անկախաբար այդ արժէքներու բնոյթէն, այնքան ատեն որ ուրիշներու հետ «հասարակաց սկզբունքներ» կը պարունակէ: Բայց եւ այնպէս այդ պնդումները չկրցան փարատել շատերու այն մտավախութիւնը, որ Ռոմնի կրնայ իր եկեղեցւոյ ղեկավարութեան տեսակէտներուն ենթակայ ըլլալ:
Միւս կողմէ, «Եու.Էս.Էյ.Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան ֆութպոլի Ուաշինկթըն Ռետսքինզ եւ Քարոլայնա Փենթըրզ խումբերու ճակատումին արդիւնքները կը վկայեն այսօր սպասուած նախագահական ընտրութեան մէջ Միթ Ռոմնիի յաղթանակին մասին:
Ըստ աւանդութեան, որ ծանօթ է «Ռետսքինզի կանոն» անունով, ընտրութենէն առաջ վերջին խաղին նշեալ խումբին պարտութիւնը կը վկայէ իշխող նախագահի պարտութեան մասին:
4 նոյեմբերին անոնք իրենց դաշտին վրայ 21-13 արդիւնքով պարտութիւն կրած են` այդպիսով «չքացնելով» Պարաք Օպամայի վերընտրութեան կարելիութիւնը:
Յատկանշական է, որ 2008-ին Օպամա նախագահ ընտրուած էր «Ռետսքինզի կանոն»-ին համաձայն, երբ օրին Ուաշինկթըն Ռետսքինզ խումբը նոյնպէս պարտուած էր եւ դեմոկրատական Օպամա փոխարինած էր Սպիտակ տան մէջ նստող հանրապետական նախագահին:
Օպամայի նախնիներու գիւղի կախարդը այլ կարծիք ունի: «Ուաշինկթըն Փոսթ» կը յայտնէ, որ Օպամայի նախնիներու գիւղին` քենիական Քոկելոյի կախարդ Ճոն Տիմըն կը պնդէ, որ ինք 105 տարեկան է եւ ընտրութիւններուն ելքը անոր օգնած է նախատեսել ոսկորները, խեցիները եւ այլ իրեր: Ատոնք խառնելով նետելէ ետք Տիմըն յայտնած է.«Օպամա չափազանց յառաջ է, եւ յստակ կերպով ան պիտի յաղթէ»:
Նշենք, որ Քոկելոն Օպամայի հանգուցեալ հօր գիւղն է: Անոր եւ քենսասցի սպիտակամորթ կնոջ ամուսնութենէն ծնած Օպամա Քենիոյ մէջ 5 եղբայր եւ 1 քոյր ունի:
Երէկ հրապարակուեցաւ «Էն.Պի.Սի» պատկերասփիւռի կայանին կատարած հարցախոյզը, որ ցոյց կու տար, թէ Օպամա պիտի տիրանայ ամերիկացիներու քուէներուն 48 առ հարիւրին, իսկ Ռոմնի` 47 առ հարիւրին:

