Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ
Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ յաճախակի դարձած են պայթումները: Մազզէ Ժապալ թաղամասին մէջ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է, կան 11 զոհեր, տասնեակ մը վիրաւորներ եւ նիւթական ծանր վնասներ, ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան:
Միւս կողմէ, մեծամասնութեամբ պաղեստինցիներով բնակուած Եարմուք գաղթակայանը կրկին կ՛ենթարկուի հրասանդի հրթիռներու հարուածներու, որոնք նոյնպէս կը պատճառեն զոհեր եւ վիրաւորներ:
Կը շարունակուին նաեւ զինուորական օդանաւերու հարուածները` ուղղուած մայրաքաղաքի արեւելեան ծայրամասերուն:
Յայտնենք, որ երէկ նաեւ Համայի մէջ տեղի ունեցաւ զօրաւոր պայթում մը, որուն զոհ գացին սուրիական բանակէն 50 զինուորներ:
CATEGORIES Գաղութային

