Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ Պշարա Ռայի Պատրիարքին Գեղամ Արք. Խաչերեանի «Երթը Դէպի Երանութիւն» Գիրքի Հանդիսաւոր Գինեձօն` Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին Մէջ

Երէկ` երկուշաբթի, 5 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ Գինեձօնը կատարուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի «Երթը դէպի երանութիւն» խորագրեալ արաբերէն գիրքին: Ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին, իսլամ կրօնաւորներէն ծանօթ մտաւորական սէյիտ Հանի Ֆահսի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, պետական նախարար Փանոս Մանճեանի, զինուորական, դատական, կուսակցական, քաղաքական ներկայացուցիչներու եւ հայ թէ արաբ լիբանանցի բազմութեան, ձեռնարկը բացուած յայտարարուեցաւ լիբանանեան քայլերգով:

Բեմավար Նաամաթ Աֆրամ ողջունեց ներկաները` դրուատիքով անդրադառնալով ձեռնարկի նպատակին ու իմաստին: Հակառակ ճարտարարուեստի սեփականատէրերու նախագահը ըլլալուն Նաամաթ Աֆրամ նրբաճաշակ բառերով ու գեղեցիկ ոճով նկարագրեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի «Երթը դէպի երանութիւն» գիրքին ձեւն ու խորքը: Ապա ան իւրայատուկ ներբողով վեր առաւ այս գիրքի ընդգրկած իմաստն ու պատգամը` միաժամանակ ողջունելով Պշարա Ռայի պատրիարքի ցուցաբերած ճկուն կեցուածքը` համակեցութեան ուխտի վերանորոգման գծով:

Անոր ողջոյնի խօսքէն ետք ան նոյնքան խանդավառ ու յուզախառն` բեմ հրաւիրեց շիի կրօնաւոր եւ ծանօթ մտաւորական սէյիտ Հանի Ֆահսը` ներկայացնելէ ետք անոր նկարագրային արժանիքները:

Լիբանանեան համակեցութեան գլխաւոր ջատագով մտաւորական սէյիտ Հանի Ֆահս, ներկաներու ծափողջոյններուն ներքեւ բեմ բարձրանալով, տպաւորիչ խօսքերով ներկայացուց Գեղամ սրբազանի գիրքին ներքին թէ արտաքին բնոյթը` խորանալով անոր փոխանցած համամարդկային եւ համալիբանանեան պատգամներուն մէջ:

Վերյիշելով լիբանանահայութեան եւ առհասարակ հայութեան մօտիկ անցեալի ողբը` ջարդերն ու գաղթը, սէյիտ Ֆահս հիացմունքով նշեց վերապրող ու գաղթական հայերու խաղաղասէր ու համակեաց գոյակցութիւնը: Սէյիտ Ֆահս խիստ «վեհ ու անբիծ» բառերով նկարագրեց հայութեան բարքն ու վարկը:

«Ձեր այս փոքրածաւալ գիրքը սիրոյ ու խաղաղութեան յոյսով կը ներշնչէ մեզ, պատերազմական այս մթնոլորտին մէջ», ընդգծեց ան:

Խօսք առաւ նաեւ ծանօթ բանաստեղծ եւ մամլոյ մշակ դոկտ. Սուհէյլ Մաթար, որ նոյնպէս բարձր գնահատեց Գեղամ սրբազանի այս «գործ»-ը` մէջբերումներով հիմնաւորելով իր գնահատականը:

Իր կարգին, Գեղամ արք. Խաչերեան բեմ հրաւիրուելով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին այս երեկոյի յաջողութեան: Գեղամ սրբազան մի առ մի թուեց սէյիտ Հանի Ֆահսը, Ս. Հոգի համալսարանի նախագահ հայր Հատի Մահֆուզը, ընդհանուր քարտուղար հայր Միշել Թաքլան: Սրբազանը այս առիթով շնորհաւորեց նաեւ հայր Նասեր Ժեմայէլը` անոր եպիսկոպոս դառնալուն առիթով, եւ վերյիշեց այս համալսարանին մէջ իր ուսանողական օրերը:

«Պենետիկտոս ԺԶ. պապին փոխանցած` Լիբանանի համակեցութեան առաքելութիւնը յիշեցնող պատգամը, որ ձեր պատրիարք ընտրութեան առիթով ձեր ականջին հասաւ` դուք ընտրեցիք իբրեւ ուղեգիծ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` խօսքը ուղղելով Ռայի պատրիարքին:

Աւարտին խօսք առաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ յատուկ դրուատիքով եւ անմեղ հիւմըրով» վերյիշեց այս համալսարանին մէջ Գեղամ սրբազանին հետ իր ուսանողական տարիները, երբ «դասընկեր ըլլալով բացառապէս մարոնի հայեր դարձանք», ընդգծեց ան:

Ապա Ռայի պատրիարք ինք եւս մէջ ընդ մէջ մէջբերումներ կատարելով վեր առաւ գիրքին փոխանցած միջլիբանանեան համերաշխութեան ու խաղաղութեան փնտռտուքի մղող պատգամները: «Մենք պէտք ունինք լռութեան եւ անդորրութեան` յանգելու համար մեր որոնած երանութեան», ըսաւ ան:

Նախքան այդ, բեմավարը բեմ հրաւիրեց համալսարանի նախագահ հայր Հատի Մահֆուզը, ընդհանուր քարտուղար հայր Միշել Թաքլան, Գեղամ սրբազանը, Ռայի պատրիարքը, Երջօ Սամուէլեանը ներկայացնող քոյրը` Սիրվարդ Սամուէլեան, Աթանաս Խաչերեանը, սէյիտ Հանի Ֆահսը եւ այլ հիւրեր ու միասնաբար կատարեցին գիրքին գինեձօնը: Տպաւորիչ էր սէյիտ Հանի Ֆահսի մասնակցութիւնը` գինիով գիրքը օծելու իր քայլին մէջ, որ ներկաներու բուռն ծափերով ողջունուեցաւ:

Նշենք, որ նախքան ձեռնարկին բացումը, անգլիատառ վաւերագրական յատուկ ժապաւէն մը սփռուեցաւ Հայաստանի ու հայութեան մասին:

Իսկ Անտրէ Հաժ իր կողակիցին` Լորենի եւ նուագախումբի անդամներուն` Էլի Աունի, Ժոզեֆ Քարամի, Նուհատ Աքիքիի եւ Անթուան Խալիֆէի հետ լիբանանեան ու հայկական երաժշտութեամբ խանդավառեցին մթնոլորտը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES