Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Եւ Իրանի Միջկրօնական Երկխօսութեան Կեդրոնի Միջեւ Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան

Վերջերս, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Իրանի Միջկրօնական երկխօսութեան կեդրոնի միջեւ տեղի ունեցաւ Միջկրօնական երկխօսութեան 6-րդ հանդիպումը Ժընեւի մէջ: Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Մասնակիցներուն շարքին էին Իրանէն, Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Անգլիայէն եւ Փաքիստանէն աստուածաբաններ:

Ժողովին բացումը կատարուեցաւ ներկայութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Թվէյթի: Խորհրդակցութեան ընդհանուր նիւթն էր «Միջկրօնական երկխօսութիւնն ու այսօրուան ընկերութիւնը. Ճանապարհներ, միջոցներ եւ նպատակներ»: Ժողովին դասախօսեց նաեւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան` «Հոգեւոր առաջնորդներու եւ մտաւորականութեան դերը` միջկրօնական Երկխօսութեան արդիւնքները ժողովուրդին մատուցելու աշխատանքին մէջ» նիւթին շուրջ: Ժողովին ընթացքին քննարկուած նիւթերուն շարքին էին նաեւ կիներու եւ երիտասարդութեան դերակատարութիւնը` միջկրօնական երկխօսութեան մէջ, եւ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներուն օգտագործման կարելիութիւնները` ժողովուրդներու միջեւ միջկրօնական երկխօսութեան սերմերը ցանելու կապակցութեամբ:

Յայտնենք, որ սոյն երկխօսութիւնը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Իրանի միջեւ սկիզբ առած էր 1995-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսի քաջալերանքով, երբ վեհափառ հայրապետը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն էր:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES