Արամ Ա. Կաթողիկոսը Կ՛ընդունի Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն Փոքրիկները
Անցեալ շաբաթ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ վարժարաններու նոր կրթական տարեշրջանին:
Այս առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոսը վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը կիրակնօրեայ վարժարաններու խումբ մը աշակերտ-աշակերտուհիներուն: Վեհափառը մեծապէս գնահատեց կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ տնօրէն Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեանը, ինչպէս նաեւ բոլոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, որոնք նուիրումով լծուած են հայ մանուկներուն եւ պատանիներուն կրօնական դաստիարակութեան: Վեհափառը այս առիթով նաեւ կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները յանձնելու հայ դպրոցի կողքին նաեւ կիրակնօրեայ վարժարանին, որ նուիրուած է մարդակերտումի ու հայակերտումի նոյն առաքելութեան` մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն փոխանցումով:
CATEGORIES Գաղութային

