Հալէպի Արաբ Աւետարանական Երիցական Եկեղեցին Պայթումի Պատճառով Ծանր Վնասներ Կը Կրէ

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ յայտնեց, թէ վերջին օրերուն Հալէպի կեդրոնական շրջաններու քրիստոնէաշատ-հայաշատ թաղամասերը ընդհանրապէս մնացին համեմատաբար հանդարտ` շարունակուելով հանդերձ կարգ մը թաղերու մէջ արձակազէններու վտանգը եւ որեւէ տեղ անակնկալօրէն քանդող ու զոհեր խլող հրասանդի հրթիռներու պայթիւնները:

Համաձայն վերջին տեղեկութեանց, երէկ պայթեցուած ռումբի պատճառով լրջօրէն վնասուած է Ճիտետիէի մօտիկ արաբ աւետարանական երիցական եկեղեցին:

«Առեւանգուած մեր ազգակիցներուն ազատ արձակման հարցը ցարդ կը մնայ անլոյծ, հակառակ Ազգային իշխանութեան շարունակուող ճիգերուն: Սակայն այս բոլորով հանդերձ գաղութը կը մնայ ամուր, համախմբուած` Ազգային առաջնորդարանին, առաջնորդ սրբազան հօր եւ ազգային պատկան մարմիններուն շուրջ` հաստատակամօրէն դէմ դնելով իր գոյատեւման շուրջ հարցականներ դնողներուն, այնքան ատեն, որ գաղութը կը վայելէ ամբողջական զօրակցութիւնը եւ անվերապահ աջակցութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անոր գահակալին` Արամ Ա. կաթողիկոսին, հայրենի պատասխանատուներուն, մայր հայրենիքէն աշխարհացրիւ սփիւռք մեր բոլոր ազգակիցներուն», ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան:

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ պայթումներու շարքը կը շարունակուի: Երէկ ականուած ինքնաշարժ մը եւ երկու պայթուցիկ սարքեր պայթեցան Քուտսէա շրջանի Ուրուտ թաղամասին մէջ` պատճառելով նիւթական ծանր վնասներ: Ոչ պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն, զոհերուն թիւը երէկ գիշեր բարձրացած էր 30-ի, իսկ վիրաւորներունը` 50-ի:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը նաեւ յայտնեց, որ կը լսուին թնդանօթներու հարուածներու ձայներ` ուղղուած մայրաքաղաքի հարաւային ծայրամասերուն:

Երեկոյեան պայթուցիկ սարքեր պայթած են նաեւ մայրաքաղաքի զանազան շրջաններուն մէջ, ինչպէս` Պարզէ թաղամասը:

 

Share this Article
CATEGORIES