Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Մէջ Դանիոյ Դեսպանատան Մեսրոպեան Վարժարանի Մէջ Երիտասարդութեան Յատուկ Դանիոյ Ֆիլմարուեստի Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպանատան, 29 հոկտեմբերէն 16 նոյեմբեր տեղի կ՛ունենայ երիտասարդութեան յատուկ «Դանիոյ ֆիլմարուեստի ցուցադրութիւն»-ը, որ կ՛իրականացուի Լիբանանի եօթը շրջաններու մէջ:

Այս շրջագիծին մէջ, Դանիոյ դեսպանատան ընտրած եօթը շրջաններէն մէկն էր Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, ուր Դանիոյ ֆիլմարուեստի ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Ժան Թոփ Քրիսթենսընի եւ դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային կցորդ Մարիա Լինտհարթի:

Ցուցադրութենէն առաջ, դեսպանը հանդիպում մը ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին հետ: Հանդիպումին քննութեան առարկայ դարձան Լիբանանն ու հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Գալուստ ներկայացուց հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի պատմութիւնն ու նոր ծրագիրները:

Ապա դեսպանն ու տնօրէնը աշակերտներուն հետ դիտեցին «Պատերազմ եւ սիսեռներ» ժապաւէնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում: Աշակերտները հարցումներուն ընդմէջէն մօտէն ծանօթացան ժապաւէնին եւ տեղեկութիւններ ստացան Դանիոյ մասին: Աւարտին, Կրեկուար Գալուստ յայտնեց, որ Դանիոյ դեսպանատան այս նախաձեռնութիւնը կը միտի մարդկութեան քարոզել խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն, որովհետեւ առանց գործակցութեան կարելի չէ գոյատեւել:

Ցուցադրութենէն ետք, դեսպան Ժան Թոփ Քրիսթենսըն «Երեւակայական պատմութիւններ եւ առասպելներ» գիրքը նուիրեց վարժարանին եւ շրջագայեցաւ վարժարանին մէջ` մօտէն ծանօթանալով մանկամսուրին, մանկապարտէզին եւ արհեստից վարժարանին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES