Հաղորդագրութիւն

Երկուշաբթի, 5 նոյեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան դիւանը, ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերու նախօրեակին, այցելութիւն մը տուաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի:

Վերապատուելի Հայտոսթեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը ընդհանրապէս` շեշտելով ԼԵՎԱՄ-ի կարեւորութիւնը հայ աշակերտութեան համար, բարի նախանձով ու ազնիւ մրցակցութեան ոգիով լաւ արդիւնքներ արձանագրելու կարեւորութիւնը:

Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան վերահաստատեց Հայկազեան համալսարանի հովանաւորութիւնը ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն` նախորդ հինգ տարիներուն նման:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը յայտնեց դոկտ. Հայտոսթեանին, որ ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն մասնակցող վարժարաններուն թիւը, ինչպէս նաեւ ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն մասնակցող աշակերտներուն թիւը աճ կ՛արձանագրեն, շնորհակալութիւն յայտնելով վերապատուելի Հայտոսթեանին` անոր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան եւ ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ ունեցած համակրանքին համար:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES