Արաֆաթի Դիակը Դիազննութեան Համար Գերեզմանէն Դուրս Պիտի Բերուի 26 Նոյեմբերին

Արաֆաթի դամբարանը

«Պի.Պի.Սի.»` յղում կատարելով դիւանագիտական շրջանակներուն, կը հաղորդէ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախկին ղեկավար Եասեր Արաֆաթի դիակը գերեզմանէն դուրս պիտի բերուի 26 նոյեմբերին:

Ըստ անանուն աղբիւրին, Լոզանի Շողարձակ նիւթերու բնագիտութեան հիմնարկի փորձագէտներու խումբը արդէն հասած է Յորդանան գետի արեւմտեան ափ, ուր կը գտնուի Արաֆաթի դամբարանը: Կ՛ենթադրուի, որ զուիցերիացի մասնագէտներուն պիտի միանան նաեւ ֆրանսացի դատաբժիշկները: Վերջիններս Արաֆաթի մահուան պատճառներուն մասին առանձին հետաքննութիւն կը կատարեն:

Ըստ աղբիւրին, մասնագէտներուն արտօնութիւն պիտի տրուի Արաֆաթի դիակէն մասնիկ մը վերցնել միայն մէկ անգամ:

Դիակի գերեզմանէն դուրս բերելուն նպատակը Արաֆաթի մահուան պատճառը յստակացնելն է: Միջազգային մամուլին մէջ այդ հարցին շուրջ շրջանառութեան մէջ դրուած են տարբեր վարկածներ:

Share this Article
CATEGORIES