Թուրքիա Լուվրէն Կը Պահանջէ Վերադարձնել Օսմանեան Կայսրութեան Դարաշրջանի «Գողցուած» Արուեստի Գործերը

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի աշխարհահռչակ Լուվրի թանգարանին մէջ իսլամական արուեստին նուիրուած նորաբաց տաղաւարը գայթակղութիւն ստեղծած է:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները շարք մը պահանջներ ներկայացուցած են. անոնք Լուվրէն կը պահանջեն վերադարձնել «գողցուած» արուեստի գործերը:

Խօսքը Օսմանեան կայսրութեան դարաշրջանի կաւէ իրերու մասին է: Անոնք օրին զարդարած են Պոլսոյ մէջ թուրք սուլթաններ Սելիմ Բ.-ի, Մուրատ Գ.-ի գրադարանը եւ Փիյալէ փաշայի մզկիթը:

Սակայն, ըստ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչներուն, 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի արուեստի գործերը «անօրինական ճամբով դուրս բերուած են երկրէն»: Ըստ թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներուն, Անգարա արդէն նախաձեռնած է կաւէ գործերուն վերադարձի հոլովոյթը: Սակայն Լուվրը թրքական կողմէն տակաւին պաշտօնական դիմում չէ ստացած:

Ըստ թանգարանի աշխատակիցին, իսլամական արուեստին հաւաքածոն ձեւաւորուած է միջազգային արժեչափերուն համաձայն, հաշուի առնելով նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 1970-ի Մշակութային արժէքներու հռչակագիրը: Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ մինչեւ այդ թուական արուեստի գործերու հետ կատարուած հոլովոյթները յետադարձ ուժ չունին:

Ինչ կը վերաբերի կաւագործութեան նմուշներուն, ապա անոնք իսկապէս յայտնուած են Ֆրանսայի մէջ նախանցեալ դարու վերջաւորութեան: «Զանոնք գնելը կամ նուիրելը կատարուած է այդ դարաշրջանին գործած կանոններուն համաձայն», նշած է Լուվրէն աղբիւր մը:

Այս պարագային իրերը Թուրքիոյ վերադարձնելու հարցը ֆրանսական կողմի տեսանկիւնէն «բացառուած է»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES