«Իրանի Մէջ Հիւլէական Զէնքի Ստեղծումը Կանխարգիլելու Համար Պատրաստ Եմ Որեւէ Միջոցի Դիմելու» Կ՛ըսէ Նեթանիահու
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան պատկերասփիւռի երկրորդ կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ պատրաստ է որեւէ միջոցի դիմելու, որպէսզի Իրանի չարտօնէ հիւլէական զէնք ստեղծել:
«Ես կ՛երաշխաւորեմ, որ վարչապետի պաշտօնին համար վերընտրուելու պարագային Իրանի հիւլէական ռումբ ստեղծել չեմ արտօներ», ընդգծած է Նեթանիահու:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք «պիտի սեղմէ՞ կոճակը», այսինքն` պիտի հրամայէ՞ զինուորական գործողութիւն կատարել, Իսրայէլի վարչապետը դրական պատասխան տուած է: «Ես կրնամ, սակայն յոյս ունիմ, որ ատոր կարիք չ՛ըլլար», նշած է:
Պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդած է, որ Նեթանիահու 2010-ին հրամայած է բանակը լիարժէք պատրաստութեան բերել, որպէսզի հարուածէ Իրանի հիւլէական կեդրոնները, սակայն վերջնական հրաման չէ տուած:
Նշենք, որ Իսրայէլի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 22 յունուարին: Ամէնէն շատ աթոռներ ապահոված կուսակցութեան կամ նախընտրական դաշինքի ղեկավարը իրաւունք կը ստանայ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու: Հարցախոյզերը ցոյց կու տան, որ յառաջատարը Իսրայէլի գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն է:


