Ռուսիոյ Պատրիարքը Ուրբաթ Օր Երուսաղէմ Պատմական Այցելութիւն Մը Կու Տայ
Պաղեստինցի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ կը հաստատեն, որ Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Քիրիլ ուրբաթ օր պատմական վեցօրեայ այցելութեամբ կը հասնի Երուսաղէմ:
9 նոյեմբերէն 14 նոյեմբեր երկարող այցելութիւնը Քիրիլ պատրիարքին 2009-ին պատրիարքութեան աթոռին բարձրանալէն ի վեր պաղեստինեան հողամասեր եւ Իսրայէլ առաջին այցելութիւնն է:
Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին Երուսաղէմ այցելութիւնը կը կատարուի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ քաղաքի գլխաւոր սրբավայրերէն Ս. Յարութեան տաճարը, ուր կը գտնուի Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանը, ջուրի մատակարարման համար չվճարուած տուրքերու 2.4 միլիոն տոլարի պարտքի պատրուակով կը գտնուի փակուելու վտանգին տակ: Նշենք, որ ըստ ընդունուած կարգի, կրօնական կառոյցները տուրքեր չեն վճարեր:
Երուսաղէմի յոյն պատրիարքութիւնը նամակ յղած է Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի ղեկավարներուն` զանոնք տեղեակ պահելով ստեղծուած կացութենէն:


