Մալիքի Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայմանները Կը Ներկայացնէ

Նուրի Մալիքի

Թրքական «Տիւնիապիւլթենի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի յայտարարած է, որ Թուրքիա պէտք է յարգէ Իրաքը, չխախտէ Իրաքի օդային սահմանները, որմէ ետք յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին:

Իրաքի վարչապետը պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները լաւ չեն, իսկ լաւ ըլլալու համար Թուրքիա որոշ պայմաններ պէտք է կատարէ:

«Թուրքիա պէտք է յարգէ Իրաքի գերիշխանութիւնը, չխառնուի մեր ներքին գործերուն եւ չխախտէ օդային սահմանը: Լարուածութեան թուլացման համար անհրաժեշտ է քայլեր կատարել: Իրաքի ժողովուրդին համար ընդունելի չէ, որ Թուրքիա ապաստան տուած է դատարանի կողմէ դատապարտուած անձի մը (ակնարկութիւնը` Իրաքի փոխնախագահ Թարիք Հաշիմիին. «Ա.»):

«Մենք թրքական կողմին կ՛ըսենք. «Մեր մէկ ձեռքը կ՛երկարենք, միւս ձեռքով ձիթենիի ճիւղ կ՛երկարենք: Ձեզի հետ լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզենք: Եթէ դուք ալ փոխադարձաբար լաւ յարաբերութիւններ ցուցադրէք, պիտի տեսնէք, որ Իրաքը կը ցանկայ վերացնել տագնապը», ըսած է Իրաքի վարչապետը:

Share this Article
CATEGORIES