«Չենք Ուզեր Սուրիական Թղթածրարին Մէջ Մեր Կեցուածքը Փոխել Եւ Երկխօսութենէն Առաջ Ասատի Հեռացումը Պահանջող Կեցուածքներուն Չենք Զօրակցիր» Յայտարարեց Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Յորդանանի մէջ Սուրիոյ վարչակարգէն անջատուած նախկին վարչապետ Ռիատ Հիժապի հետ հանդիպում մը ունեցաւ: Ան հետագային յորդանանցի իր պաշտօնակիցին հետ տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յոյս յայտնեց, որ արտաքին դերակատարները ջանան սուրիական ընդդիմութիւնը միաւորելու իրենց ջանքերուն մէջ հիմնուիլ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու սկզբունքին եւ ոչ թէ աշխարհաքաղաքական որոշ շահերու վրայ: Ան նշեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տագնապին լուծման համար կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութենէն բացի լուծում մը չի տեսներ:
Լաւրով ըսաւ, որ սուրիացի ժողովուրդն է, որ իր ճակատագիրը առանց որեւէ արտաքին միջամտութեան կը ճշդէ` նշելով, որ «Մոսկուա Յորդանանի հետ սուրիական թղթածրարին առնչուող կարգ մը հարցերու շուրջ միացեալ պատկերացում ունի»: Ան Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց ամէն տեսակի բռնարարքները դադրեցնելու` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է երկու կողմերը համոզել խաղաղ լուծումի ձգտելու:
«Չենք ուզեր սուրիական թղթածրարին մէջ մեր կեցուածքը փոխել: Մենք Սուրիոյ մէջ բոլորը կը յարգենք եւ համոզուած ենք, որ ընդդիմութիւնը ոչինչ կրնայ ընել», ըսաւ Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով, որ «երկխօսութենէն առաջ Ասատի հեռացումը պահանջող կեցուածքներուն չենք զօրակցիր»:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ իրենք տեղեկութիւն ունին, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը 50 «Սթինկըր» տիպի հակաօդային հրթիռներ ստացած է:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժաուտաթ Լաւրովի հետ իր հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Յորդանան սուրիական տագնապի մարդասիրական հետեւանքներէն ամէնէն շատ ազդուած երկիրն է»: Ան նախատեսեց, որ Լաւրով Ծոցի արաբական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպում ունենայ:
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը Լաւրովի հետ իր հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու: Ան յայտնեց, որ Յորդանան խորապէս մտահոգ է սուրիական բեմին վրայ արձանագրուած մագլցումին եւ բռնարարքներու սաստկացման հարցով, ինչպէս նաեւ այդ կացութեան շրջանի բոլոր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն համար ունեցած հետեւանքներուն եւ ներկայացուցած վտանգին առնչութեամբ:
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց, որ «սուրիացիները իրենց երկրին ապագան պէտք է իրենք ճշդեն»: Ան Լաոսի մէջ գումարուած Ասիա-Եւրոպա վեհաժողովին ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ կացութիւնը Մոսկուայի մօտ առաւելագոյն մտահոգութիւնը կը յառաջացնէ»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յայտնեց, որ Սուրիոյ կացութիւնը դժուար է` շեշտելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը միաւորելու աւելի մեծ ջանքեր պէտք է թափուին:
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի «Հայաթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, «մեծ աղէտ» մըն է: Ան նշեց, որ ներկայիս ջանքերը կը կեդրոնանան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն Ժընեւի յայտարարութեան վրայ հիմնուած պարտադիր որոշումի մը հրապարակման եւ Սուրիոյ մէջ իսկական ու համապարփակ փոփոխութեան առաջնորդող քաղաքական հոլովոյթի մը ձեռնարկման վրայ` զգուշացնելով, որ լուծումի բացակայութիւնը Սուրիան կը դնէ Սոմալիի վերածուելու վտանգին առջեւ:
Իպրահիմի նաեւ հերքեց, թէ կը ջանայ Լիբանանի պարագային նման Թաէֆի համաձայնագիրին օրինակով սուրիական Թաէֆ մը պատրաստել կամ կը ջանայ Եմէնի տագնապի լուծումը ընդօրինակել` նշելով, որ իւրաքանչիւր տագնապ իր տուեալներն ու իւրայատկութիւնները ունի, թէեւ կարելի է կարգ մը փորձառութիւններէն օգտուիլ:
Պատասխանելով ալեւի փոքրամասնութեան մտահոգութիւնները փարատող երաշխիքի մը գոյութեան մասին հարցումի մը` Իպրահիմի նշեց, որ ինք կը նախընտրէ «փոքրամասնութեան» փոխարէն «բաղադրիչ մաս» եզրը օգտագործել` նշելով, որ լուծումը պէտք է մտահոգութիւնները փարատէ բոլոր անոնց, որոնք մտավախութեանց փարատման կարիքը ունին:
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն առաջարկեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ապահով ելք մը պարգեւել, եթէ այդ մէկը Սուրիոյ մէջ տագնապի աւարտը կ՛ապահովէ: Ան ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքը Ասատը երկրէն դուրս բերելու որեւէ ընտրանք չի բացառեր: «Ես անշուշտ անոր Բրիտանիա մեկնելու ծրագիր մը չեմ առաջարկեր, սակայն եթէ հեռանալ ուզէ, կրնայ հեռանալ եւ կարելի է այդ մէկը դասաւորել»:
«Վրեմիա»` յղում կատարելով «Ժազիրա»-ին, հաղորդեց, որ Սուրիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնները երկուշաբթի օր փակած են Դամասկոսի մէջ Համաս շարժումի գրասենեակը: Սուրիական ուժերը գրասենեակ ներխուժած են, ապա փակած եւ կնքած են զայն: Համաս Դամասկոսի մէջ գրասենեակ բացած էր 1999-ին, երբ անոր ստիպած էին Յորդանանի մէջ իր գործունէութիւնը դադրեցնել:
Համասի ղեկավարներէն Սալահ Պարտաուիլ երէկ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ գրասենեակի փակումը «մեզ չի հետաքրքրեր, որքան կեանքերը պաղեստինցիներուն, որոնք Սուրիոյ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ ամէն օր կը կորսուին»: Ան աւելցուց, որ գրասենեակի փակման մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ չունին, աւելի՛ն, գործնական գետնի վրայ Սուրիոյ մէջ Համասի գրասենեակներ գոյութիւն չունին, որովհետեւ անոնք բոլորն ալ շարժումին կողմէ փակուած են եւ որոշ ատենէ ի վեր ղեկավարներէ ու պաշտօնեաներէ դատարկ են:
Պարտաուիլ կոչ ուղղեց պաղեստինցիները Սուրիոյ դէպքերու հետեւանքներէն զերծ կացուցելու` նշելով, որ «պաղեստինցիները Իսրայէլի դիմադրելու ու իրենց հողերը ազատագրելու կը ձգտին եւ պէտք չէ զիրենք ճակատումներու մէջ ներքաշել, ինչ ալ ըլլան անոնք»:
Քրտական Ազդակ
Լիբանանեան «Տիար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի բոլոր միջոցներով Թուրքիոյ մօտ ջանք թափած է զօր. Ռիատ Ասաատի, անոր գլխաւորած զինուորական խորհուրդին եւ օգնական սպաներու ազատ արձակման համար, սակայն ի զուր: Եւ կը թուի, թէ գաղտնի գործառնութիւն մը գոյացած է, ըստ որուն, Թուրքիա Սուրիական ազատ բանակին վերջ կու տայ, Սուրիոյ քիւրտերը Հալէպի, Արամինի, Դամասկոսի եւ այլ շրջաններու մէջ ներքին ճակատումներու մէջ ներքաշելու դիմաց, որպէսզի Թուրքիոյ վրայ քրտական ճնշումը թեթեւնայ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտա յայտարարած է, որ Սուրիոյ տարածքին քրտական պետութեան ստեղծում կարելի չէ: Ան նշած է, որ Սուրիոյ տարածքին քրտական պետութիւն ստեղծելու գաղափարը կը պատկանի Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան սուրիական թեւին` Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան:
Ծագումով քիւրտ Սիտան ըսած է, որ իրենք բազմիցս Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զգուշացուցած են, որ քրտական պետութեան ստեղծումը անկարելի է: «Եթէ անոնք շարունակեն Սուրիոյ տարածքին մէջ քրտական պետութեան ստեղծումը քարոզել, Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը ստիպուած պիտի ըլլայ ատոր դէմ քայլերու ձեռնարկելու», ըսած է ան:


