Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան խորհրդարանին մէջ կատարած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն առաջնահերթութիւնները աւելի կարեւոր նկատելու, քան` քաղաքական անձնաւորութիւններուն առաջնահերթութիւնները եւ հետեւաբար պոյքոթի չենթարկելու խորհրդարանին աշխատանքները:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որ շեշտեց, թէ կառավարութեան հարցը ներքին լիբանանեան խնդիր է` աւելցնելով, որ կառավարութեան նկատմամբ շրջանային մէկ կեցուածք գոյութիւն չունի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ, երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կտրականապէս կը մերժեն Ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ կը մերժեն, որ չէզոք կամ փոխանցման շրջանի կառավարութիւնները ըլլան Նեժիպ Միքաթիի գլխաւորութեամբ:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապը քաղաքական է եւ անիկա շատ աւելի խոր է, քան կառավարութիւն մը կազմելու հարցը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Լիբանանը իսկական անիշխանութեան մէջ է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ուալիտ Խուրի շեշտեց, որ կառավարութիւնը կարելի չէ փոխել, առանց քաղաքական որոշ վերադասաւորումի կամ համաձայնութիւններու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Քամել Ռիֆայի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի տօնին առիթով պիտի այցելէ Նաժաֆ եւ Քարպալա:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան նկատմամբ արաբական եւ միջազգային զօրակցութեան մասին յայտարարութիւնները անցեալին կը պատկանին:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, եթէ կառավարութիւնը այսօրուան իր նիստին ընթացքին պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձերու յաւելումը խորհրդարան չփոխանցէ, ապա ան անակնկալի առջեւ պիտի գտնուի մագլցողական քայլերու դիմաց:
ԿԸ նախատեսուի, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Հըզպալլայի պատուիրակութեան հետ ուրբաթ օր ունենալիք հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութեան փոխանցէ Մուսթաքպալ հոսանքի առաջարկը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Լիբանանին լաւագոյն բարիքը ըրած կ՛ըլլայ, եթէ իր կառավարութեան հրաժարականը ներկայացնէ:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան իր բնակարանին մէջ կատարուած է հանդիպում մը, որուն մասնակցած են Հըզպալլայի նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշ եւ Հիւսէյն Հաժ Հասան, ինչպէս նաեւ նախարար Ալաէտտին Թըրրօ եւ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ: Հանդիպումին ընթացքին Արիտի շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը ոչ մէկ արգելք ունի ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու առումով: «Սակայն, նախքան ներկայ կառավարութեան հրաժարականը, պէտք է համաձայնիլ կառավարական նոր կազմին շուրջ, որովհետեւ մենք կը մերժենք անիշխանութիւնը», ըսաւ Արիտի:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ուշ կամ կանուխ կառավարութիւնը պիտի հրաժարի եւ անիկա կախեալ է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կատարելիք խորհրդակցութիւններէն:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Թէոտորոս Բ. պապին` անոր ընտրութեան առիթով: Մուքպել յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր պապին` անոր ստանձնած առաքելութեան մէջ:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ նախանցեալ կէս գիշերին հրթիռարձակում կատարուեցաւ, որուն լոյսին տակ լիբանանեան բանակը խստացուց իր հսկողութիւնը եւ շրջուն ջոկատներուն յանձնեց օրինազանցները հետապնդելու պարտականութիւնը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ զգուշացուցած էին ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանը` անոր դէմ Էշրեֆիէի մէջ կատարուելիք սպանութենէն, որ պիտի գործուէր Քայիտայի կողմէ: Նոյն աղբիւրները աւելցուցած էին նաեւ, որ զինեալ այդ խմբաւորումին կեդրոնը Այն Հելուէ գաղթակայանն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ո՛չ ազգային երկխօսութիւնը եւ ո՛չ ալ Ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը ի վիճակի պիտի ըլլան կասեցնելու սպանութիւնները: Ան նշեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կողմէ միայն հանրապետութեան նախագահին կատարուած այցելութիւնը ցուցանիշ է, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը հետզհետէ պիտի լուսանցքայնանայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Լիբանան այցելութեան ընթացքին կառավարութեան փոփոխութեան չէ անդրադարձած: Ան շեշտեց, որ պէտք է պահպանել լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը եւ երկրին մէջ տիրող քաղաքական երկփեղկումը չփոխանցել կառավարութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի հանդիպումներ ունեցաւ երեսփոխաններ Ուալիտ Սըքքարիէի եւ Քասեմ Ապտել Ազիզի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կատարած յայտարարութիւնները կը սաստկացնեն Լիբանանի քաղաքական լարուածութիւնը:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսը Աննայայի Մար Շարպել եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց պատարագ մը, որուն ընթացքին հաստատեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը` երկրին բարգաւաճման առումով հասարակ յայտարարի մը յանգելու համար:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ չէզոք կառավարութիւն մը կարելի չէ կազմել, որովհետեւ Լիբանանի մէջ չէզոք ոչ մէկ անհատ կայ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն գործունէութեան աւարտին դիմաց` աւելցնելով սակայն, որ այդ ուժերուն ղեկավարները կը մնան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կը մերժէ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը, որովհետեւ ան կը փափաքի Լիբանանը միջամուխ դարձնել Սուրիոյ տագնապին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պէտք է ամրապնդել ներքին լիբանանեան ազգային կամքով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա կը զօրակցի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ուղղած ազգային երկխօսութեան կոչին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ուալիտ Սալման շեշտեց, որ բանակը ո՛չ մէկ անգամ եւ ո՛չ մէկ պարագայի նախաձեռնած է մէկուն դէմ կրակ բանալու` քաջ գիտնալով ինքնապաշտպանութեան եւ երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու իր իրաւունքը:

