Ֆապիւս. «Հըզպալլան Կը Մեղադրենք, Իսկ Նախագահ Սլէյման Կը Ջանայ Յաջողեցնել Ազգային Երկխօսութիւնը»

Արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս շեշտեց, որ Ֆրանսա մնայուն կերպով կ՛անսայ իր բարեկամ լիբանանցիներուն պահանջներուն, որոնք հիմնականին մէջ կը կեդրոնանան իր կողքին մնալու ու իրեն զօրակցելու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մէջ իր ներկայութիւնը պահելու առաքելութեան վրայ:

Ֆապիւս նշեց, որ այս պահանջներուն կողքին Լիբանան կը փափաքի նաեւ, որ Ֆրանսա օժանդակէ դիւրացնելու համար լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը:

Ֆրանսայի դիւանագիտութեան պետը հաստատեց, որ իրենք Հըզպալլայի հետ հանդիպումը այս հանգրուանին կը բացառեն, որովհետեւ Հըզպալլան կը մեղադրեն յատկապէս վերջերս դէպի Իսրայէլ անոր ուղարկած իրանեան արտադրութեամբ հետախուզական օդանաւին պատճառով:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի երկխօսութեան ճիգերուն` Ֆապիւս յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման այս առումով ջանք չի խնայեր` աւելցնելով, որ Փարիզ պատրաստ է դիւանագիտական իր աշխատանքները ունենալու լիբանանեան, սուրիական եւ իրանեան թղթածրարներուն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումին իմաստով:

Ֆապիւս ընդգծեց, որ յառաջիկայ 19 նոյեմբերին Փարիզ պիտի ընդունի վարչապետ Նեժիպ Միքաթին:

Share this Article
CATEGORIES