«Սեղմ Կառավարութեան Մը Կազմութիւնը Լուրջ Է, Պայմանաւ Որ Անիշխանութիւն Չստեղծուի» Շեշտեց Զօր. Աուն

Զօր. Աունը մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստ մը կատարելու նիւթ չկայ խորքին մէջ, «որովհետեւ ոմանք կ՛ուզեն դիմադրել, իսկ ոմանք` կը մերժեն», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն աւելցուց, որ Պաապտայի յայտարարութեան մէջ կարելի եղած է որոշ չափով սկզբունքներ վաւերացնել, սակայն այդ իմաստով ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացած է:

Ան ընդգծեց, որ սեղմ կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը լուրջ են, պայմանաւ որ

անիշխանութիւն չստեղծուի: «Այս շրջագիծին մէջ, ո՞վ չէզոք կամ մասնագէտներու կառավարութիւն պիտի կազմէ», հարց տուաւ ան:

Անդրադառնալով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ խորհրդարանի աշխատանքները պոյքոթի ենթարկելու քայլին` զօր. Աուն զարմանք յայտնեց, որ այդ ուժերը նման քայլի մը ձեռնարկած են, որովհետեւ խորհրդարանի աշխատանքները պոյքոթի ենթարկելը երկիրը ահաբեկելու համազօր է:

«Լիբանանցիներուն իրաւունքները Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն քմահաճոյքէն կախեա՞լ են», հարց տուաւ զօր. Աուն: Ան շեշտեց, որ աւելի լաւ է, որ անոնք երեսփոխան ըլլալէ հրաժարին, որովհետեւ կան տնտեսական եւ ընկերային որոշ հարցեր, որոնց հետ կարելի չէ խաղալ», ըսաւ ան:

Ակնարկելով ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան` զօր. Աուն շեշտեց, որ Հասան պատասխանատու էր իրենց ապահովութեան, բոլորին ապահովութեան եւ իր անձնական ապահովութեան, «ան նաեւ պատասխանատու է ինքն իր սպանութեան, որովհետեւ պէտք եղած ապահովական միջոցառումները չէ որդեգրած», աւելցուց զօր. Աուն:

Նշենք, որ զօր. Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Չայլտ Էտըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ կառավարութիւնը պիտի պահէ իր գոյութիւնը` ցնոր տնօրինում:

Անդրադառնալով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն` զօր. Աուն շեշտեց, որ անոնք անցած են բոլոր սահմանները եւ այդ պատճառով ալ այլեւս իրենք չեն ազդուիր այդ ուժերուն կատարած ամբաստանութիւններէն:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք չի նախընտրեր, որ այս հանգրուանին կառավարութեան փոփոխութիւն մը կարելի ըլլայ ապահովել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES