Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Տարակարծութիւնները Լուծելու` Հեռու Մնալով Լարուածութիւններէ

Նախագահ Սլէյման եւ Պահիա Հարիրի

Կենսոլորտի պահպանման միջազգային օրուան առիթով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ մարդկութեան հիմնական նպատակներէն է պահպանել բնութիւնն ու կենսոլորտը` աւելցնելով, որ այդ շրջագիծին մէջ պէտք է նաեւ վերջ տալ պատերազմներուն եւ զինեալ բախումներուն:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց տարակարծութիւնները լուծելու` հեռու մնալով լարուածութիւններէն եւ գրգռիչ կեցուածքներէն, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն նպատակները իրականացնել եւ Լիբանանին շահերը ամէն ինչէ վեր դասել:

Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Սայտայի մէջ տիրող կացութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախարարներ Շարլ Ռըզք եւ Եուսեֆ Սալամէ, որոնք նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեցին լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Անթուան Հատտատ:

Նշենք, որ «Նահար» օրաթերթը Պաապտայի մօտիկ աղբիւրներէն քաղեց տեղեկութիւններ, որոնց հիման վրայ գրեց, թէ նախագահ Սլէյման ֆրանսական կողմէն նշաններու կը սպասէ` Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կողմէ Լիբանանի մասին կատարուած քննարկումներուն առումով:

Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ նախագահ Սլէյման տակաւին կը հաւատայ, որ ինք կրնայ քաղաքական բոլոր կողմերը Ազգային երկխօսութեան նիստին շուրջ համախմբել եւ կազմել նոր կառավարութիւն մը` անիշխանութեան առաջքը առնելու համար:

Պաապտայի մօտիկ աղբիւրները շեշտեցին, որ նախագահ Սլէյման երկրին տագնապը լուծելու կախարդական գաւազան մը չունի, սակայն ան երբեք պիտի չքննարկէ կառավարութեան հրաժարականին հարցը:

 

Share this Article
CATEGORIES