«Հունգարիոյ Մէջ Մեր Կառավարութեան Որդեգրած Քաղաքականութեան Նկատմամբ Կատարեալ Զօրակցութիւն Շօշափեցինք» Ընդգծեց Վարչապետ Միքաթի

Միքաթի եւ Օրպան

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին

ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի, երէկ միօրեայ այցելութեամբ մը ուղղուեցան Հունգարիա, ուր հանդիպումներ ունեցան երկրին նախագահին, խորհրդարանի նախագահին, վարչապետին եւ Հունգարիոյ մէջ լիբանանեան գաղութին հետ:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ հունգարացի իր պաշտօնակից Վիքթոր Օրպանի հետ:

Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Միքաթի եւ Օրպան մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեցին, որ քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Օրպան իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ նշեց, որ Հունգարիա բարձր կը գնահատէ Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը, լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ երկրին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ Լիբանանի հիմնական դերակատարութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Օրպան հաստատեց, որ Լիբանանի գերիշխանութեան պահպանումը Հունգարիոյ համար հիմնական է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանին եւ Հունգարիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները բարելաւել եւ ներդրումներու առիթներ ստեղծել:

Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Հունգարիոյ կառավարութեան կողմէ Լիբանանի կառավարութեան քաղաքականութեան նկատմամբ կատարեալ զօրակցութիւն շօշափած է:

Միքաթի նշեց նաեւ, որ հանդիպումը եղած է առիթ մը` քննարկելու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ ուսանողներ փոխանակելու կարելիութիւնները:

Միքաթի աւելցուց նաեւ, որ հունգարացի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած է նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի եւ լիբանանեան պատուիրակութիւնը ընդունուեցան նաեւ Հունգարիոյ նախագահ Ժանոս Ատերի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-հունգարական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Միքաթի Ատերին փոխանցեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ողջոյնները:

Միքաթի յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Հունգարիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու քաղաքական եւ տնտեսական գործակցութիւնը ամրապնդուի:

Վարչապետ Միքաթի այցելեց նաեւ խորհրդարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Լազրօ Քովերի հետ:

Հունգարիոյ մէջ վարչապետ Միքաթի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան նաեւ Հունգարիոյ լիբանանեան գաղութին հետ, որ զօրակցութիւն յայտնեց վարչապետ Միքաթիի` կոչ ուղղելով անոր մնալու իր պաշտօնին վրայ եւ շարունակելու կառավարութեան աշխատանքները, պահպանելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Միքաթի այցելեց նաեւ Պուտափեշթի մէջ գտնուող նահատակներու յուշարձանը, ուր զետեղեց ծաղկեպսակ մը` յարգելու համար անոնց յիշատակը:

 

Share this Article
CATEGORIES