Լիբանան Իր Կատարած Պաշտօնական Այցելութեան Ընթացքին. «Լիբանանի Տագնապին Որեւէ Լուծում Պէտք Է Տրուի Լիբանանի Կողմէ» Շեշտեց Ամրօ
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն յայտնեց Գահիրէի զօրակցութիւնը Լիբանանի եւ անոր ապահովական կայունութեան:
Ամրօ, որ իրեն հետ բերած էր Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի զօրակցական նամակը, այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:
Այս շրջագիծին մէջ Ամրօ շեշտեց, որ Լիբանան պիտի կարենայ յաղթահարել իր դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ պիտի կարենայ վերահաստատել ապահովական իր կայունութիւնը:
Ամրօ ընդգծեց, որ Գահիրէ Լիբանանի մէջ ոչ մէկ լուծում պիտի պարտադրէ, այլ` Լիբանանն է, որ ինքն իր հարցերը պիտի կարենայ լուծել:
Ան շեշտեց, որ ինք Լիբանան այցելած է Եգիպտոսի զօրակցութիւնը փոխանցելու Լիբանանին:
Սակայն Ամրոյի այցելութիւնը բաւական յատկանշական կարելի է նկատել այն առումով, որ ան Պէյրութի միջազգային օդակայանէն անմիջապէս ուղղուեցաւ Մաարապ եւ Լիբանանի մէջ իր առաջին տեսակցութիւնը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ամրօ Լիբանանին զօրակցութիւն յայտնեց, իսկ Ժահժահ շեշտեց, որ արաբական եւ եւրոպական երկիրները կ՛ամչնան Լիբանանի կառավարութեան հետ գործակցելու:
Սայֆիի մէջ, Եգիպտոսի դիւանագիտութեան պետը հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ամրօ ընդգծեց, որ Եգիպտոս կը զօրակցի այն լուծումներուն, որոնք կը գոյանան լիբանանցիներուն կողմէ:
Իր կարգին, Ժեմայէլ շեշտեց, որ պէտք է յանգիլ այնպիսի լուծումի մը, որ Լիբանանը դուրս կը բերէ ճահիճէն:
Ամրօ այցելեց նաեւ Ռապիէ, ուր ընդունուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Ամրօ յայտնեց, որ 25 յունուարի յեղափոխութենէն ետք Եգիպտոս կը վերադառնայ շրջանային իր կարեւոր դերակատարութեան` աւելցնելով, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի յանձնառու է, որ Եգիպտոս վերադառնայ արաբական իր շրջանակին:
Ամրօ ընդգծեց նաեւ, որ Գահիրէ նախանձախնդիր է, որ Լիբանանի բոլոր պահանջները գործադրուին:
Ամրօ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ` նկատի ունենալով, որ Ամրօ Մուխթարա չկրցաւ այցելել, իսկ Ժոմպլաթ չկրցաւ եգիպտացի պաշտօնատարը ընդունիլ Պէյրութի մէջ:
Գումակային պատճառներով չհանդիպած երկու պատասխանատուները հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեցին Լիբանանի անվտանգութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի երկխօսութեան ջանքերուն զօրակցելու կարեւորութիւնը:
Երեկոյեան Ամրօ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ` ներկայութեան Հարիրիի խորհրդականներ Նատեր Հարիրիի, Մոհամետ Շաթահի եւ Մազեն Սուէյտի, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Նուհատ Մաշնուքի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ այսօր առաւօտեան ժամը 9:45-ին, Ամրօ նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը կ՛ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ, իսկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին կ՛այցելէ վարչապետարան` հանդիպում մը ունենալու համար վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:


