Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ 32 Տարի Ընդմիջումէ Ետք Առաջին Եկեղեցական Արարողութիւնը Կատարուած Է

Վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Ս. պսակի խորհուրդէն պահ մը

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ զանգը դարձեալ ղօղանջած է: Տեղի ունեցած պսակի առաջին արարողութեամբ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ 32 տարի ընդմիջումէ ետք, առաջին եկեղեցական արարողութիւնը կատարուած է:

1915-ին ռմբակոծման պատճառով եկեղեցւոյ վնասուած զանգակատունը վերակառուցուած է, եւ 97 տարի ետք առաջին անգամ զանգերը դարձեալ ղօղանջած են:

Եկեղեցւոյ 100 քիլոկրամ կշռող պրոնզէ զանգը պատրաստուած է Մոսկուայի մէջ: Անիկա կրկնօրինակն է 1915-ին ռմբակոծման պատճառով վնասուած զանգին: Եկեղեցւոյ գմբեթը ռմբակոծուած էր շրջակայքի մզկիթներու մինարեթներէն բարձր ըլլալուն համար:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ Արամ արք. Աթեշեան նախ օծած է զանգակատունը, ապա այստեղ առաջին պսակի արարողութիւնը կատարուած է:

Զանգակատան օծման ու առաջին արարողութեան մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Քանատայի մէջ բնակող բազմաթիւ հայեր:

Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1376-ին: Անիկա իբրեւ հայկական եկեղեցի ծառայած է մինչեւ 1915, որմէ ետք վերածուած է բամպակի պահեստանոցի: 1960-ին երեք հազար քառակուսի մեթր տարածք ունեցող եկեղեցին դարձեալ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած է, սակայն 1980-ին դարձեալ լքուած է: Վերջին անգամ վերաբացուած է 2010-ին:

Share this Article
CATEGORIES