Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակը Մոռնինկսթարին Կոչ Կ՛ուղղէ Անպայման Ջուղայի Հայկական Գերեզմանատուն Այցելելու
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթարին կոչ ուղղած է այցելելու Նախիջեւանի մէջ Ջուղայի հայկական գերեզմանատուն, ուր աւերուած էին հազարաւոր խաչքարեր:
Մոռնինկսթար քանի մը օր առաջ հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած էր, որ երբ Նախիջեւան այցելած է, Ջուղա այցելելու փափաք յայտնած է, սակայն ազրպէյճանական իշխանութիւնները անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով չէին արտօնած այցելութիւնը:
«Դեսպան Մոռնինկսթար կրնայ կա՛մ Ալիեւի դուռը բախել այնքան, մինչեւ որ անհիմն արգելքը ջնջուի, կա՛մ ինքնագլուխ այցելել Ջուղայի գերեզմանատուն: Ամէն պարագայի յստակ է, թէ իբրեւ ամերիկացիներ, մենք այլեւս Ազրպէյճանին պէտք չէ զինամթերք վաճառենք` գերեզմանները աւերելու համար, կամ Պաքուի կառավարութեան օգնութիւն ուղարկենք, այն պարագային, երբ անիկա կ՛արգելակէ դեսպանի այցելութիւնը խաղաղ պայմաններու մէջ տեղի ունեցած մշակութային սրբապղծութեան վայր», կ՛ըսուի գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ նախքան դեսպան նշանակուիլը, պատասխանելով ծերակուտականներ Ռոպըրթ Մենենտեսի եւ Պարպարա Պոքսըրի հարցումին, Մոռնինկսթար նշած էր, որ ջանք պիտի չխնայէ հայկական գերեզմանատուն այցելելու համար եւ նման սրբապղծութիւնը անընդունելի կը նկատէ:
«Ջուղային առնչուող իր վերջին յայտարարութեան մէջ դեսպան Մոռնինկսթար խօսած է Ազրպէյճանի «բազմազան մշակութային ժառանգութեան» մասին, փոխանակ Ալիեւի հակահայ քաղաքականութեան մասին արտայայտուելու, ներառեալ` սահմանին վրայ իրականացուող յարձակումներն ու ներում շնորհելը Ռամիլ Սաֆարովին, որ Հունգարիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ծրագիրի ընթացքին կացինահարած էր հայ սպան», ըսուած է Հայ դատի գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ երէկ պատասխանելով ամերիկացի դեսպանին Ջուղա այցելութեան արգիլման մասին հարցումի մը յայտնեց, որ ինք այդ հարցէն տեղեակ չէ:

